Յունիս 29-ին, տեղական ժամանակով ժամը 10:42-ին Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան երկրաշարժային պաշտպանութեան ծառայութեան կողմէ արձանագրուած է Հայաստան-Թուրքիա սահմանային գօտիին մէջ, Արագածաւան գիւղէն 15 քմ. դէպի հիւսիս, 3.1 աստիճանի երկրաշարժ:
Ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կեդրոնին մէջ կազմած է 4 բալ:
Երկրաշարժը զգացած են Հայաստանի Արագածոտնի մարզի Արագածաւան գիւղին մէջ` 3-4 բալ ուժգնութեամբ: