Ուրբաթ, 27. 06. 2025

spot_img

Թեհրանի Մէջ Հայաստանի եւ Արցախի Նուիրուած Համերգ Կազմակերպուած է

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ ՀՀ դեսպան Արտաշէս Թումանեանը եւ դեսպանութեան անձնակազմը Թեհրանի «Ուահտաթ» սրահին մէջ, Յուլիս 1-ին, մասնակցեցան իրանահայ խմբավար, երաժշտահան Սերժիկ Միրզայեանի ղեկավարած նուագախումբի եւ երգչախումբի համերգին:

Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:

Համերգի ընթացքին հնչեցին Ս. Միրզայեանի կողմէ հեղինակած հայկական ազգային թեմաներով երաժշտութիւն, ինչպէս նաեւ հայերէն կատարումով Հայաստանի եւ Արցախի նուիրուած երգեր, որոնց խօսքերուն հեղինակը իրանահայ բանաստեղծուհի Ծաղկանոյշ Ծատրեանն էր:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին