Ուրբաթ, 04. 07. 2025

spot_img

Արցախի Մէջ Կ’ուսումնասիրուի եւ կը Հաշուարկուի Առաջնագիծը Մշտապէս Խմելու Ջուրով Ապահելու Հարցը

Յառաջիկային բանակի մէջ եւ յատկապէս առաջնագծի վրայ պիտի իրականացուին շարք մը կարեւոր ծրագիրներ, որոնք էականօրէն պիտի ազդեն զինծառայողներու հասարակական-կենցաղային պայմաններու բարելաւման վրայ:

Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, դիմատետրի իր էջին գրած է Արցախի նախագահի խորհրդական Տիգրան Աբրահամեան:

Անոր փոխանցումով՝ Արցախի մէջ ներկայիս կ’ուսումնասիրուին եւ կը հաշուարկուին առաջնագիծը մշտապէս խմելու ջուրով ապահելու հարցը: Պիլոտային ծրագիրը բարեյաջող իրականացուած է Ջրականի մէջ (նախապէս` Ջապրայիլ, որոշ դիրքեր ապահովուած են մշտական ջուրով):

«Առաջնագծի վրայ ծառայած եւ ծառայող մարդիկ լաւ գիտեն այս ծրագիրին իրական ազդեցութիւնն ու գինը, իսկ զինծառայողներու հետ իրականացուող զրոյցներուն ժամանակ՝ այս ծրագիրին իրականացումը ամենանախընտրելիներէն է: Ծրագիրին ներդրումը պիտի լուծէ մեծ թիւով խնդիրներ. առաջին հերթին զինծառայողներուն պիտի ընձեռուի օրուան ընթացքին անսահմանափակ քանակով ջուրի օգտագործման հնարաւորութիւն: Երկրորդ, ջուրի մեքենաները մշտապէս հակառակորդի թիրախին են եւ անվտանգութեան առումով լուրջ խնդիրներ կը ստեղծեն վարորդներու համար, ծրագիրին իրականացումով՝ այս վտանգը ամբողջութեամբ պիտի չէզոքացուի: Երրորդ, անիկա պիտի ապահովէ ֆինանսական մեծ տնտեսումներ»,- նշած է Աբրահամեան եւ աւելցուցած, որ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը յանձնարարած է ծրագիրը սեղմ ժամկէտներու մէջ շինարարական աշխոյժ փուլ տեղափոխել:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին