Ուրբաթ, 04. 07. 2025

spot_img

«San Francisco Chronicle»-ը Յօդուած Հրապարակած է Հայ Կօշկակարին Մասին

«San Francisco Chronicle» թերթը հրապարակած է յօդուած հայ կօշկակարին մասին, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ կ՛աշխատի 1976-էն, կը գրէ «Նիուզ»-ը:

Կօշիկի լայն ընտրանիով շրջապատուած` 62-ամեայ ամերիկահայ Ճորճ Շիրիկեան արագ ու մանրակրկիտ կ’աշխատի: Անոր խօսքով երջանկութեան համար մարդուն միայն լաւ անկողին ու զոյգ մը լաւ կօշիկ պէտք է, քանի որ ատոնց հետ «կեանքը շատ աւելի հեշտ է»:

Շիրիկեան աւարտած է դպրոցը 14 տարեկանին ու որոշած կօշկակարութիւն սորվիլ իր հօրեղբօր մօտ, որ Երեւանի մէջ կօշիկի արտադրամաս ունէր: Միացեալ Նահանգներ արտագաղթելէն ետք Շիրիկեան բացած է իր աաջին արտադրամասը Օքլանտի մէջ 1976-ին: Ճորճը կը յիշէ, թէ ինչպէս իր առաջին յաճախորդը խնդրած էր ամրացնել կրունկը, բայց իր վատ անգլերէնի պատճառով կօշկակարը սխալ հասկցած էր խնդրանքը ու ամբողջ ներբանը վերանորոգած էր: Յաճախորդը չէր կրնար հասկնալ, թէ ինչու աւելի շատ բան վերանորոգած էր, ու Ճորճը անորմէ միայն կրունկի վճարը գանձած էր: «Ան գոհ մնաց, ես՝ նոյնպէս: Բայց ես արագ սորվեցայ»,- կը պատմէ ան:

Շիրիկեան երեք զաւակ ունի, բայց անոնցմէ ոչ մէկը փափաքած է շարունակել իր գործը: Սակայն, ատիկա զինք շատ չի մտահոգեր: «Ես հպատանում եմ իմ զաւակներովս»,- կ՛ամփոփէ ան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին