Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

2016-2017ի Հունձքին Առիթով ՀԲԸՄ Նազարեան Մանկապարտէզի Վկայականներու Բաշխման Շքեղ Հանդէս

  Ամավերջի հանդէսներուն մէջ, վստահաբար, ամէնէն հետաքրքրականը, գրաւչականն ու յատկանշականը կը հանդիսանայ մանկապարտէզինը, պարզապէս անոր համար, որ երեխաները ուսումնական առաջին «ստուգատես»ը յաջողութեամբ պսակելէ ետք, կ’անցնին յաջորդ հանգրուանը՝ նախակրթարան եւ այսպէս, յաջորդաբար, հասնելու համար նորանոր բարձունքներու:

  Ծնողները՝ ի տես իրենց սիրասուններուն եւ անոնց արձանագրած ուսումնական առաջին քայլին, հաճոյքով ու հպարտութեամբ կ’ապրին այդ անկրկնելի երեւոյթը, միշտ այն յոյսով, որ իրենց զաւակները, նոյն յառաջդիմութեամբ պիտի շարունակեն իրենց կրթական կեանքը:

  Ուսուցչուհիները, թերեւս, մեծագոյն գոհունակներն են, ոչ միայն վայելելով իրենց դաստիարակութեան պտուղները, այլեւ՝ արժանին տալով, արժանին ստանալով, անոնց անցումը ապահովաբար տեղափոխելով յաջորդ հանգրուան:

  Ահաւասիկ այսպիսի զուարթ ու ցնծուն տրամադրութեամբ, Շաբաթ, 17 Յունիս 2017-ին, Զապէլ Մովսէսեան կեդրոնը կը յորդէր ծնողներով ու հարազատներով, որոնք եկած էին ծափելու եւ ողջունելու իրենց զաւակներուն շրջանաւարտութեան հանդէսը:

  Բեմահարթակ զարդարուած էր գեղագոյն ծաղիկներով, իրենց ճառագայթող գոյներով ու գծանշաններով, որ գործն էր արուեստագէտուհի-ուսուցչուհի՝ Տիկ. Թամարա Շիր Յակոբեանի:

  Լիբանանի, Հայաստանի ու Հ.Բ.Ը.Մ.ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, հանդէսը սկիզբ առաւ դասարանային պատկերով մը (Փաթիլ Սուլեան, Քրիսթիան Պաղտասարեան, Մարիլին Գէտէրեան, Կարօ Չարըքեան), որ կը ներկայացնէր աւարտական դասարանին ուսումնական մէկ առօրեան:

  Յայտագիրը գերազանցապէս նուիրուած էր ուսուցչութեան, անոր կատարած դերին, առաքելութեան ու նպաստին, որոնք արտասանուեցան նորափթիթ սերունդին քաղցրիկ լեզուներով, միշտ շնորհակալական եւ երախտագիտական արտայայտութիւններով:

  Լարա Սահակեանի եւ Էնտրու Հաժժիի ջերմիկ բացման խօսքէն ետք, խմբային երգերը (հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն) մեծապէս ոգեւորեցին հանդիսականները, իսկ Ծաղիկ դասարանի աղջիկներու նազելավար պարը եւս գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ:

  Այնուհետեւ, աշակերտներու երկխօսութեանց լոյսին տակ, տեղի ունեցան պարային մատուցումներ, Ծիլ, Կոկոն ու Ծաղիկ դասարանցիներէն, յաջորդաբար, հրաւէրովը՝ Իվանա Քիւփէլեանի, Սէրլի Գաբրիէլեանի, Նաթէլ Մարտիրոսեանի, Քաթարինա Սահակեանի, Րալֆ Գէորգի, որոնց յաջորդեցին խմբային մաղթախօսքեր (հայերէն, անգլերէն, արաբերէն լեզուներով), նուիրուած իրենց ուսուցչուհիներուն:

  Նոյն թափով շարունակուեցան երկխօսքերը (Մարկարիթա Տալտալեան, Ալիսիա Թորոսեան, Քալինա Քիւփէլեան, Մարիա Սերայտարեան, Փաթիլ Սուլեան, Էմմանուէլ Խաչատուրեան, Թալիա Ապտըլ Նուր, Մարկարիթա Տալտալեան, Ժագ Ղազարեան, Քրիսթիան Պաղտասարեան), Բողբոջ ու Ծաղիկ դասարաններու պարերու խանդավառող ներկայացումներով, եզրափակելով խմբային պարով, մանկապարտէզի բոլոր աշակերտներու մասնակցութեամբ:

  Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Ծաղիկ դասարանի ժրաջան ու գործունեայ դաստիարակիչ-ուսուցչուհի՝ Տիկ. Օսան Առաքելեան, յիշելով այն բոլոր մարմինները, հաստատութիւնները, միութենական կազմերը, անձնաւորութիւնները եւ ազգային բարերարները, որոնք զօրավիգ կը կանգնին վարժարանին գոյատեւման:

  Տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեան բովանդակալից խօսքը, իր կրթական ու դաստիարակչական լիցքով, շահեկան խորհրդածութիւններով ու հաստատումներով, յուսալի մաղթանքներով ու ցանկութիւններով, արժանացաւ բոլորին գնահատանքին:

Պրն. Վասիլեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «ինքզինքիս հարց կու տամ, թէ կեանքը ո՞ր արահետներով արդեօք պիտի տանի մեր այս սաները: Ինչպիսի՞ հայեր ու քաղաքացիներ պիտի ըլլան արդեօք անոնք: Վերլուծող, գիտական միտքի տէր անձեր պիտի դառնա՞ն: Յաջողակ պիտի ըլլա՞ն իրենց ասպարէզներուն մէջ: Պիտի հպարտանա՞նք իրենց արձանագրելիք իրագործումներով: Հաւատարիմ պիտի մնա՞ն իրենց դպրոցին ու պատկանած միութեան համոզումներուն: Եթէ գտնուին օտար միջավայրի մը մէջ, պիտի կարենա՞ն լաւապէս արտայայտուիլ ու յարմարիլ նոր ու տարբեր պայմաններուն: Օգտակար պիտի հանդիսանա՞ն իրենց շրջապատին: Արդարամիտ պիտի ըլլա՞ն, հաւաքական շահը պիտի գերադասե՞ն անձնականէն, իրենց ժամանակը, նիւթական ու բարոյական նեցուկը պիտի տրամադրե՞ն զիրենք ծնած ու սնած ժողովուրդին ու միութեան: Պիտի պահե՞ն իրենց լեզուն եւ հաւատքը, ու տէր պիտի կանգնի՞ն իրենց ժողովուրդի արդար դատին:

ՀԲԸՄ-ի Լեւոն Կ. Նազարեան Վարժարանի տաքուկ գրկին մէջ՝ մեր սաները բարեբախտաբար ունին նմանատիպ յաջողութիւններու հասնելու, բանիմաց ու յաջողակ հայեր ըլլալու բոլոր տուեալներն ու պայմանները: Գաղտնիք չէ, թէ դաստիարակչական իրենց իւրայատուկ մօտեցումով՝ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի վարժարանները յստակօրէն կը զանազանուին հայ թէ օտար այլ վարժարաններէն: ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի վարժարաններու կրթական իւրայատուկ ծրագիրը կը միտի ամբողջական գլխագիր «Մարդ»ը կերտել՝ իր ազգային, մտային, հոգեկան, հոգեւոր, ընկերային եւ մարմնային բոլոր դրսեւորումներով»:

  Շրջանաւարտներու մուտքը ընդունուեցաւ ջերմ ծափողջոյններով, որուն յաջորդեցին խմբային  գողտրիկ «ուղերձ»ները (հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներով), անկեղծ զգացումներով ու կշռութաւոր ոճով:

  Վկայականները բաշխելու համար, բեմ հրաւիրուեցան Հ.Բ.Ը.Միութեան Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Տիկ. Լենա Իւրնէշլեան, անդամուհի՝ Տիկ. Սինթիա Մենտիլեան, Տնօրէն՝ Պրն. Արա Վասիլեան եւ պատասխանատու մանկապարտիզպանուհի՝ Տիկ. Թալին Մարգարեան, որմէ ետք կատարուեցաւ հրաժեշտի երգը՝ «Մնաս Բարով Մանկապարտէզ», թէ՛ յուզումով, թէ՛ ուրախութեամբ, ծնողներու բուռն ծափահարութիւններու եւ ողջոյններու տարափին տակ:

Շրջանաւարտներու Անուանացանկ

  1. Ապտըլ Նուր Թալիա
  2. Պաղտասարեան Քրիսթիան
  3. Տալտալեան Մարկարիթա
  4. Ղազարեան Ժագ
  5. Հաժժի Էնտրու
  6. Գաբրիէլեան Սէրլի
  7. Գէտէրեան Մարիլին
  8. Գէորգ Րալֆ
  9. Խաչատուրեան Էմմանուէլ
  10. Քիւփէլեան Իվանա
  11. Քիւփէլեան Քալինա
  12. Մարտիրոսեան Նաթէլ
  13. Սահակեան Լարա
  14. Սահակեան Քաթարինա
  15. Սերայտարեան Մարիա
  16. Սուլեան Փաթիլ
  17. Չարըքեան Կարօ
  18. Թորոսեան Ալիսիա
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին