Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին մէջ Յուլիս 4-ին պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեանի գլխաւորութեամբ յատուկ նիստ մը պիտի գումարուի, որու ընթացքին պիտի կազմուի Նախաձեռնող խումբը, որ պիտի ղեկավարէ նոր պատրիարքի ընտրութիւններու կազմակերպման գործընթացը, կը յայտնէ «Ակօս» պարբերականը:
Նախաձեռնող խումբի անդամներուն թիւը պիտի յստականայ նիստի ժամանակ: Յայտնի է, որ անիկա պիտի ունենայ 15-21 անդամ, որոնց երկուքը պիտի ըլլան հոգեւորականներ:
Նախաձեռնող խումբի ձեւաւորումէն ետք աստիճանաբար պիտի կազմաւորուին տեղական ընտրական յանձնախումբեր, որոնք պիտի գործեն Պոլսոյ տարբեր թաղերու մէջ:
Պատրիարքարանին մէջ նախատեսուող նիստը պիտի գումարուէր երէկ երեկոյեան։