Հինգշաբթի, 03. 07. 2025

spot_img

Շնորհիւ Նշանաւոր Պալերինա Ժագլին Մակինեանի «Գայիանէ» Պարի Դպրոցի Խումբը կը Հիացնէ Լիբանանահայ Հանդիսատեսը Իր Աննման Ելոյթներով

*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*

2007-ին էր, երբ քաղաքամայր Երեւանի օփերայի եւ պալէի թատրոնի հարթակին վրայ անմոռանալի պահեր ապրեցայ դիտելով անմահ Արամ Խաչատուրեանի համաշխարհային հռչակի տիրացած «Գայիանէ» պալէն… Օրուան անմոռանալի «աստղ»-ը նոյնպէս մենապարուհի Ժագլին Սարխօշեանն էր (Ժագլին Մակինեան), որուն ելոյթը փոթորկալից ծափահարութիւններ խլեց ներկայ՝ հայրենի թէ սփիւռքահայ բազմահարիւր հանդիսատեսներէն։ Հայկական պալէի այս փայլփլուն գոհարը, Հայաստանի մամուլին տուած հարցազրոյցին կը յայտնէր, թէ կը մեկնի «արտերկրեայ աշխատանքի», կեանքի թշուառին պայմաններէն մեկնելէն…։ Մեր վաստակաւոր արուեստագիտուհիին կը հանդիպինք ամիսներ առաջ համերգի մը ընթացքին, Պէյրութի մէջ եւ ապա, զմայլած կը դիտենք իր աշխատանքին փառաւո՜ր ստեղծագործութիւնները, Համազգային գեղարուեստի դպրոցներու «Գայիանէ» խումբի «Սինտիպատի ճամբորդութիւնները» իսկական չնաշխարհիկ ներկայացման՝ Տըպայայի «Էմիլ Լահուտ» համալիրին մէջ։ Մայր հայրենիքը ժամանակաւորապէս կորսնցուց Կարէն եւ Ժագլին Մակինեանները, սակայն Լիբանանի հայութիւնը եւ Համազգային Մշակութային Միութիւնը կարողացան արժանին մատուցել այս բազմատաղանդ ամոլին, որոնք կարողացան այսպիսի հսկայական ցատք մը կատարել դէպի 21-րդ դարու պարարուեստ եւ դժուար պալէ…։

Շաբաթ, 24 Յունիս 2017-ին երեկոյեան, ծայրէ-ծայր հիւրերով թէ արուեստասէրներով յորդող «Էմիլ Լահուտ» համալիրին գլխաւոր դահլիճը, բարձր հովանաւորութեամբ Լիբանանի զբօսաշրջիկութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի՝ ըմբոշխնեցին «Գայիանէ» պարի դպրոցի խումբին գլխապտոյտ պատճառող համերգային արարները։ Յայտագիրին առաջին մասը արդէն իսկ բոլորին կողմէ քաջածանօթ հայկական պարերն էին՝ «Զանգեզուր», «Տաւիղ», «Տարօն» ու «Մուշ», «Արագած», «Գարուն» պարերով, որոնց դետակատարները սիրողական պատանի-պատանեակ արուեստագէտ-արուեստագիտուհիներ էին, Կարէն եւ Ժագլին Մակինեաններու դաստիարակած նորագոյն սերունդի սաները։

Ընդմիջումէն ետք՝ հանդիսատեսը փոխադրուեցաւ ուրիշ, չնաշխարհիկ երկիր-մոլորակ, ուր առասպելական «Սինտիպատ»-ն ու «Ալի Պապա»-ն, «Ալատտին»-ն ու լամբի մէջ թաքնուած եւ իր բարիքները ազատութեան մէջ բաշխող «Ճին»-ն էր։ Գեղեցկուի ծովանուշներ, դիւթիչ պարուհիներ, Եգիպտոսի թագուհի Քլէոփաթրան ու իր նաժիշտները, «Ջուր»-ի ու երկրի թագաւորներ, որոնք ի վերջոյ այս բոլորը կը հասցնեն ուրախ աւարտի (Happy Ending), մեծ գոհունակութիւն պատճառելով բոլորին։

Այս բոլորը որոտընդոստ ծափերով ընդունած ներկաները, ծաղկեփունջերով «պատեցին» նշանաւոր պալերինան եւ այս հրաշալի յայտագիրը պատրաստած Ժագլին Մակինեանը եւ անոր ամուսինը՝ Կարէնը։ Բամահարթակին վրայ, բազմապիսի զգեստներով հանդերձ «Գայիանէ»-ի օրուան հերոս-հերոսուհիներն էին, որոնց ծնողներուն հոգատարութեան հանդէպ շնորհակալութիւն յայտնեց Ժագլին Մակինեան։

Կը շնորհաւորենք «Գայիանէ»-ն ու կը մաղթենք նորանոր նուաճումներ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին