Հինգշաբթի, 03. 07. 2025

spot_img

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Շնորհաւորած Է Միացեալ Նահանգները Անկախութեան Օրուան Առիթով

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան օրուան առիթով  այցելած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւն: Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորած է դեսպան Ռիչարտ Միլսը, դեսպանատան աշխատակիցները եւ ի դէմս անոնց՝ Միացեալ Նահանգներու բարեկամ ժողովուրդը՝ մաղթելով բարեկեցութիւն եւ շարունակական զարգացում:

Նախագահ Սարգսեան եւ դեսպան Միլս Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան բակին մէջ նախ ծիրանենի տնկած են: Միացեալ Նահանգներու դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սարգսեանին այցելութեան եւ շնորհաւորանքին համար դիտել տալով, որ ուրախ ու հպարտ է Հանրապետութեան նախագահին հետ միասին գեղեցիկ ծիրանենի մը տնկելուն համար դեսպանատան մէջ՝  ԱՄՆ անկախութեան 241-րդ տարեդարձին եւ հայ-ամերիկեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեայ յոբելեանին առիթներով:

«Միացեալ Նահանգներ բարձր կը գնահատէ Հայաստանի հետ իր երկարամեայ գործընկերութիւնն ու անկեղծ բարեկամութիւնը: Վերջին 25 տարիներուն ընթացքին, մենք միասին կերտած ենք ամուր կապեր դիւանագիտութեան, զարգացման, ռազմական, առեւտրային շրջանակներէն ներս ու մեր ժողովուրդներուն միջեւ: Մեր հայեացքը յառելով դէպի ապագայ՝ յոյսով ենք, որ մեր յարաբերութիւնները աւելի կ’ամրապնդուին, եւ մենք կը կարողանանք աւելի խորացնել յատկապէս մեր առեւտրային եւ ներդրումային կապերը՝ ի շահ մեր երկու երկիրներուն»,- ըսած է դեսպան Միլս:

Հանրապետութեան նախագահը բարձր  գնահատած է դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր ԱՄՆ-ի հետ ձեւաւորուած սերտ համագործակցութիւնն ու երկկողմ միջպետական յարաբերութիւններու մակարդակը եւ ընդգծած, որ արագ փոխուող ու մարտահրաւէրներով լեցուն աշխարհի մէջ Հայաստանը կարեւոր կը համարէ Միացեալ Նահանգներու հետ  երկխօսութիւնը՝ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր բնագաւառներներէն ներս: Զրուցակիցները հանգամանօրէն անդրադարձած են  առեւտրատնտեսական կապերու խորացման՝ քննարկելով առկայ ներուժը, այդ ուղղութեամբ մինչ այժմ իրականացուած աշխատանքներն ու զարգացման հեռանկարը:

Հանդիպման ընթացքին Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներուն՝ Հայաստանին տարիներէ ի վեր ցուցաբերուած օժանդակութեան, անոր կարգին՝ տարեթիւիս Ապրիլին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպման ցուցաբերած աջակցութեան համար:

Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան օրուան առիթով, Հանրապետութեան նախագահը նաեւ շնորհաւորական ուղերձ յղած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին