ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարար Իգնատի Առաքելեանը Յունիս 30-ին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արժանթինի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կոնզալօ Ուրրիոլապէիդայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:
Հանդիպման նպատակը Արժանթինի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ «Գիտասփիւռի եւ գիւղատնտեսական կառուցակազմի համակարգի ամրապնդում» ճարտարագիտական ծրագիրի համառօտ ներկայացումն էր:
ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարար Իգնատի Առաքելեանը՝ ողջունելով հիւրերը, իր խօսքին մէջ ընդգծած է գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ խորհրդատուական համակարգի զարգացման կարեւորութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնած Արժանթինի կառավարութեան` այդ ուղղութեամբ իրականացուող աջակցութեան համար:
«Մեր նպատակն է այս ծրագիրին միջոցով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հզօրացնել գիւղատնտեսութեան խորհրդատուական ծառայութիւնները եւ ուսուցման համակարգին մէջ ապահովել գիտութիւն-խորհրդատու-հողատէր շղթայի արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը»,- մասնաւորապէս նշած է Իգնատի Առաքելեանը:
Նախարարին տեղեկացուած է, որ Յունիս 26-30 Արժանթինի Հանրապետութեան արտաքին գործոց եւ պաշտամունքի նախարարութեան ու ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան միջեւ համագործակցութեան ծրագիրին ծիրէն ներս, Ամերիկա ընկերակցութեան համագործակցութեամբ ՀՀ գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ խորհրդատուական համակարգի ներդրման նպատակով գիւղատնտեսական ճարրտարագիտութիւններու ազգային ուսումնարանի (INTA) եւ CREA խումբերու արժանթինական ընկերակցութեան (AACREA) փորձագէտները հանդիպումներ ունեցած են Գիւղատնտեսութեան զարգացման հիմնադրամի ներկայացուցիչներու եւ Գեղարքունիքի ու Արարատի մարզերու Գիւղատնտեսութեան աջակցութեան մարզային կեդրոններու տնօրէններու, խորհրդատուներու եւ հողատէրերու հետ:
Ըստ Ծրագրին ընթացիկ տարին կը նախատեսուի խորհրդատուներու այց Արժանթին` վերապատրաստման դասընթացներուն մասնակցելու եւ միջազգային փորձին տեղւոյն վրայ ծանօթանալու նպատակով: Ատկէ բացի, 2018 թուականի ընթացքին կը նախատեսուի Արժանթինի մէջ կազմակերպել դասընթացներ ուսուցանողներու համար, ինչպէս նաեւ հեռակայ խորհրդաժողովներու միջոցով վերապատրաստման դասընթացներ իրականացնել Հայաստանի մէջ:
Հանդիպման աւարտին համաձայնութիւն եղած է աշխատանքային խումբերու ուսումնասիրութիւններէն եւ քննարկումներէն ետք ամփոփելու արդիւնքները: