Ուրբաթ, 04. 07. 2025

spot_img

Ո՞Վ Համբուրեր Էր Վազգէն Կաթողիկոսին Աջը…

*ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ*

 Կը շարունակեմ դեգերիլ Տիրայր Սրբազանի յուշերու հատորին մէջ։

   Սրբազանը կը պատմէ որ Բ. Աշխարհամարտէն ետք, երբ Ռումանիան դարձաւ համայնավար երկիր, բազմաթիւ հայեր տնտեսապէս սնանկացան, կորսնցուցին իրենց սեփական կալուածները, որովհետեւ ատոնք բռնագրաւուեցան պետութեան կողմէ։

   Գաղափարական դրդապատճառներով ձերբակալուեցան շատ-շատեր, մանաւանդ նախկին դաշնակցականներ, ու աքսորուեցան Սիպերիա։ Անոնցմէ մին պատմաբան ու բանասէր Յ. Ճ. Սիրունին էր, «Նաւասարդ» հանդէսի երբեմնի խմբագիրը։ Գաղութին ղեկը յանձնուեցաւ հայ կոմունիստներուն, որոնք սարսափի տակ կը պահէին բոլորը։

   Ի շարս ազգային այլ կալուածներու, գրաւուեցաւ նաեւ Պուքրէշի հայոց եկեղեցիին կից գտնուող Ազգ. Առաջնորդարանի շէնքը։

   Երբ 1965-ին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա. Ռումանիա պիտի այցելէր, Տիրայր Սրբազան պահը յարմար նկատեց փո՛րձ մը ընելու՝ առաջնորդարանի շէնքը գրաւումէ ազատելու համար։ Ան իսկոյն շարժման անցաւ՝ այս առնչութեամբ տարհամոզելու համար պետութիւնը։ Տեսակցեցաւ թէ՛ կրօնից նախարարին, թէ՛ ալ Ռումէն Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Ժուստինիան պատրիարքին հետ, խնդրելով որ առաջնորդարանը վերադարձուի, որպէսզի հիւր Վազգէն Վեհափառը հո՛ն իջեւանի, իր երբեմնի հարազատ տան մէջ։

   Սրբազանին ջանքերը անպտուղ չմնացին։

   Պետութիւնը վերադարձուց շէնքը, աննախադէպ բարիկամեցողութիւն մը ցուցաբերելով։

   Անմիջապէս սենեակ մը կահաւորուեցաւ այդտեղ, պատշաճ յարդարանքով, որպէսզի Վազգէն կաթողիկոս հոն իջեւանի իր հովուական այցի օրերուն։

   Պէտք էր տեսնե՜լ Վեհափառին ուրախութիւնը…։ Որքա՜ն խանդավառ էր ան այս ձեռքբերումին համար։

   Օր մը սակայն, իրեն այցելող գաղութային բազմաթիւ դէմքեր ընդունելէ ետք, Վազգէն կաթողիկոս իր սենեակը կանչեց Տիրայր Սրբազանը ու ըսաւ.

   -Դուռը գոցէ՛։

   Վեհափառը այլայլած էր, դէմքը՝ դեփ-դեղին, աչքերը՝ տամուկ…։

   Ի՞նչ պատահած էր։

   -Գիտե՞ս ո՛վ եկաւ իմ աջը համբուրելու քիչ առաջ։ Պապոյեա՛նը։

«Հայաստանեան Ճակատ» թերթը

   Յարութիւն Պապոյեանը Ռումանիոյ հայ կոմունիստներու գլխաւոր դէմքն էր։ Ան 1946-50 խմբագիրն եղեր էր ստալինապաշտ «Հայաստանեան Ճակատ»թերթին։

Երբ պիտի գրաւուէր առաջնորդարանը, այս նոյն Պապոյեանը եկած էր Վազգէն Վեհափառին մօտ (այն ատեն՝ եպիսկոպոս եւ առաջնորդ Ռումանիոյ Թեմին) ու կոպտօրէն հրահանգած.

   -Դուն եւ մայրիկդ եօրղան-տէօշշակ կը վերցնէք՝ կ՛երթաք դպրոցի բաժինը։ Մարդ պիտի չիմանայ։ Ես կէս-գիշերին պիտի գամ՝ որ առաջնորդարանի բանալիները ինծի յանձնէք…։

   Այդպէ՛ս ալ կ՛ըլլայ։ Բանալիները կը յանձնուին ու առաջնորդարանը կը պետականացուի։ Իսկ Վազգէն Սրբազանն ու իր տիրամայրը կը հեռացուին հոնկէ պարտադրաբար…

   Հիմա, Վեհափառը յուզումով կը յիշէր այդ սարսափելի օրը ու կ՛աւեցնէր.

   -Ճի՛շդ այս սենեակին մէջ է որ բանալիները յանձներ էի Պապոյեանին։ Այսօր, ճի՛շդ նոյն վայրին մէջ, նոյն Պապոյեանը եկաւ ողջունելու զիս որպէս Ամենայն Հայոց կաթողիկոս….

  «Սո՛Ւրբ Խաչ, Օգնեա՛ Ինձ»

   Տիրայր Սրբազան, որ ի՛սկապէս ամբողջ կեանք մը անցուց «խաչի նշանին տակ», իր առաջնորդական պաշտօնին բերումով պատեհութիւնն ունեցաւ տեսակցելու, բարեկամանալու բազմաթիւ երեւելի դէմքերու հետ։

   Իր յուշերու գրքին մէջ, զորօրինակ, ան հետաքրքրական դրուագներ կը պատմէ իր հանդիպումներուն մասին՝ Գէորգ Զ. կաթողիկոսի, Վազգէն Ա. կաթողիկոսի, Շնորհք պատրիարքի, Եղիշէ պատրիարքի, Յ. Ճ. Սիրունիի, Անաստաս Միկոյեանի, մարշալ Բաղրամեանի, Օհան Տուրեանի, Սերօ Խանզադեանի, Աշոտ Մալաքեանի (Անրի Վերնէօյ), Ուիլիըմ Սարոյեանի, Մարտիրոս Սարեանի, Ալեք Մանուկեանի, ծերաբան Աննա Ասլանի, ծաղրանկարիչ Ալ. Սարուխանի, երգիչ Աւագ Պետրոսեանի ու այլ բազմաթիւ անձնաւորութիւններու հետ։

   Այս բոլոր հանդիպումներէն ես պիտի առանձնացնեմ մէկը միայն։ Եւ այդ մէկը կը վերաբերի տեղածին՝ ռումանահայ քանդակագործուհիի մը,- Եօաննա Գասարճեանի։

Եօաննա Գասարճեան

   Մեզի՝ սփիւռքի հայերուս համար, անծանօթ անուն մըն է Եօաննա Գասարճեան։ Բայց Տիրայր Սրբազան կը վստահեցնէ որ ան տաղանդաւոր յայտնի արուեստագիտուհի մըն էր Ռումանիոյ մէջ, իր պատրաստած մարմարեայ կամ պրոնզեայ արձանները կը զարդարէին երկրին պետական շէնքերն ու թանգարանները։ Գրեթէ պատանի տարիքէն սկսեր էր ստեղծագործել ու մասնակցեր էր ցուցահանդէսներու՝ Խորհրդային Միութեան, արեւելեան ու արեւմտեան Եւրոպայի մեծ քաղաքներուն մէջ։

   Եօաննա 1936-ի ծնունդ էր։ Բայց երեսուն տարեկանէն սկսեալ՝ ոսկրային հազուադէպ հիւանդութեան մը պատճառով գրեթէ անշարժութեան դատապարտուած էր, անկողնոյ կը ծառայէր։ Մայրն է որ կը խնամէր զինք։ Բժիշկներն իսկ իրենց յոյսը կտրած էին ու համոզում յայտնած՝ թէ երկար չի կրնար ապրիլ…։

   Օր մը, պուքրէշաբնակ երգիծանկարիչ Չիկ Տամատեան եկաւ Տիրայր Սրբազանին մօտ, պատմեց այս տարաբախտ աղջկան մասին ու խնդրեց որ միասին անոր բնակարանը այցելեն՝ զինք մխիթարելու համար։

   Գացի՛ն։

   Իրապէս, ենթական վատոյժ էր, անկողնին գամուած։ Բացարձակապէս հայերէն չէր գիտեր, ի բաց առեալ «Սրբազան» բառէն, զոր մէջընդմէջ կը գործածէր՝ իրեն այցելող հոգեւորական հիւրին դիմելու համար։ Արդէն, դժուարաւ կը խօսէր։

   Տիրայր Սրբազան աղօթք մը կարդաց անոր սնարին վերեւ, յետոյ, մթնոլորտը բարեխառնելու համար, կատակով ըսաւ հիւանդին՝ թէ «Սրբազան»ները այսպէս չեն դիմաւորեր։ Հարկ է ոտքի ելլել, աջը համբուրել եւ այլն…։ Ապա խրատեց զինք ու ըսաւ.

   -Օրական երեք անգամ գրաբար հայերէնով «Սո՛ւրբ խաչ, օգնեա՛ ինձ» պիտի ըսես։

   Եօաննան յուզուեցաւ, լացաւ։ Գլխու շարժումով «այո՛» ըսաւ։

   Այս հանդիպումէն անցաւ աւելի քան տարի մը։

   Օր մը, դա՛րձեալ Չիկ Տամատեանն է որ հեռաձայնեց Տիրայր Սրբազանին ու յայտնեց որ «արտասահմանէն հիւր մը եկած է, կը փափաքի առաջնորդարան այցելել»։

   Ո՜վ զարմանք…, այդ «հիւր»ը Եօաննա Գասարճեանն էր, որ հիմա Չիկ Տամատեանին թեւը մտած՝ եկած էր շնորհակալութիւն յայտնելու իր սիրելի «Սրբազան»ին…։

   Երկար ամիսներէ իվեր առաջին անգամ է որ տունէն դուրս կ՛ելլէր։ Նոյնիսկ ինքնաշարժը ի՛նք վարած էր։ Ու երբ մայրը հարցուցեր էր իրեն՝ թէ «ո՞ւր կ՛երթաս», ինք ալ պատասխաներ էր որ՝ «բժիշկիս կ՛երթամ, խօսք տուած եմ»։

   Այդ «բժիշկ»ը Տիրայր Սրբազանն էր…։

   Եօաննան, անշարժութեան դատապարտուած այդ հիւանդկախ աղջիկը, բաւական կազդուրուեր ու լաւացեր էր։

   -Սրբազա՛ն, դուք իմ ամենամեծ բժիշկն էք։ Ես ձեզմէ զատ ուրիշ բժիշկ չեմ ճանչնար,- կը կրկնէր ան շարունակ, երախտագիտական զգացումներով։

   Կը պատմէր, թէ ինչպէ՛ս օրական երեք անգամ «Սո՛ւրբ խաչ, օգնեա՛ ինձ» կրկնած էր, անսալով Սրբազանին թելադրանքին։ Հրաշքի նման բան մը պատահած էր։ Սկսած էր արագօրէն բարելաւուիլ։ Բժիշկներն իսկ զարմացեր էին…։

   Տիրայր Սրբազան դեռ կը պատմէ որ Եօաննան, առողջանալէ ետք, սկսաւ մօտենալ իր հայկական արմատներուն։ Սկսաւ հայերէն սորվիլ ու խօսիլ։ Պատրաստեց Յ. Ճ. Սիրունիի կիսանդրին, որ զետեղուեցաւ անոր շիրիմին վրայ։ Սկսաւ ուսումնասիրել հայկական խաչքարերու արուեստը։ Վերադարձաւ իր ստեղծագործական հեւքին։

   Տարիներ անց, Տիրայր Սրբազան շա՛տ ուրախացուց Եօաննան՝ երբ այցելեց անոր արուեստանոցը։ Ու նշմարեց որ ան հայկական խաչքար մը կը պատրաստէր։

   -Որո՞ւ համար է այս խաչքարը,-հարցուց։

   Եօաննան պատասխան չտուաւ։

   Անցան քանի-քանի տարիներ։

   Առտու մըն ալ, Եօաննային մայրը առաջնորդարան եկաւ լալով՝ հաղորդելու համար իր սիրեցեալ աղջկան մահը։

   Նախքան իր վերջին շունչը փչելը՝ Եօաննան խնդրեր էր իր մօրմէն որ Սրբազանը անձամբ կատարէ իր թաղմանական կարգը, օրհնէ իր ձեռակերտ խաչքարը, յետոյ անիկա դրուի իր շիրիմին վրայ…։

   Որդեկորոյս մայրը կը պատմէր.

   -Շնորհակալ եմ, Սրբազա՛ն։ Ի՞նչ ուժ տուիր Եօաննային, որ աւելի քան 19 տարի ապրեցաւ ու ստեղծագործեց՝ երբ բժիշներն իսկ յոյսերնին կտրած էին։ Իր շրթներէն անպակաս էին երկու բառեր՝ «Սո՛ւրբ խաչ, օգնեա՛ ինձ» եւ «Սրբազան»…։

   Օտար անուն կրող, գրեթէ օտարացած բայց ապա հայացած այս տաղանդաւոր աղջիկը կեանքին հրաժեշտ կու տար 1985-ին, 49 տարեկանին…

Հալէպ
(վերջ)

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին