Սկսած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ամառնային զօրակոչը: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ զինուած ուժերու համալրման հոլովոյթը խստագոյնս կը վերահսկուի պաշտպանութեան նախարարութեան, զինուած ուժերու գերագոյն հրամանատարութեան ղեկավարութեան եւ իրաւապահ մարմիններուն կողմէ:
Խաղաղ ծառայութիւն հայրենիքի պաշտպաններուն: