Երկուշաբթի, 11. 12. 2023

spot_img

«Իմ Շուշի» Պատկերագիրքի Հրատարակիչ՝ «ԱՐՏ PR» Ընկերութեան Հիմնադիր Գայիանէ Դաւթեանի Հետ

Հաճելի էր «Զարթօնք»ի խմբագրատան մէջ ընդունիլ այցելութիւնը «ԱՐՏ PR» Ընկերութեան Հիմնադիր Գայիանէ Դաւթեանին:

Գայիանէ Դաւթեան Լիբանան կը գտնուէր ներկայ գտնուելու իր իսկ հրատարակած «Իմ Շուշի» պատկերագիրքի Շնորհահանդէսին, որ կազմակերպուած էր Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի Տեղական Վարչութեան կողմէ:

Հանդիպումը առիթ մըն էր ծանօթանալու Գայիանէ Դաւթեանի գործունէութեանց:

Մեր յարգելի հիւրը հետեւեալ ձեւով ներկայացուց ինքզինք եւ իր վարած ընկերութեան գործունէութիւնը.

«ԱՐՏ PR-ը ընկերութիւն է, որուն գործունէութիւնը կը կայանայ միայն արուեստի ոլորտին մէջ, այսինքն PR ծառայութիւններ կը մատուցենք միայն արուեստագէտներու համար: Կ’ունենանք նաեւ պետական պատուէրներ` օրինակ  Մշակոյթի նախարարութենէն, որոնք մեզի կը պատուիրեն խոշոր իրադարձութիւններ: «ԱՐՏ PR» ընկերութիւնը ոչ միայն կերպարուեստի, լուսանկարներու ոլորտին մէջ է, այլ մենք նաեւ կը կազմակերպենք տարբեր ցուցահանդէսներ: Այս պահուն Երեւանի մէջ կը պատրաստուինք քանդակագործ Աշոտ Յարութիւնեանի շատ մեծ ցուցահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 15-ին, Կարապի լիճին շուրջ»:

Խօսելով մասնաւորաբար «Իմ Շուշի» պատկերագիրքին մասին Գայիանէ Դաւթեան ընդգծեց.

« «Իմ Շուշի» խորագիրը կրող լուսանկարներու բացառիկ պատկերագիրքը մեր գաղափարն էր, որ մենք որոշեցինք նուիրել Շուշիի ազատագրման 25-ամեակին: Ամէն ինչ եղած է բարձր մակարդակի վրայ՝ Թէ՛ տպագրութիւնը, թէ՛ թարգմանութիւնը, թէ՛ ձեւաւորումը: Պատկերագիրքը երկլեզու է (հայերէն-անգլերէն), որ հնարաւորութիւն կու տայ զայն ներկայացնելու նաեւ օտարերկրեայ մեծ լսարանի: Մեր առաջին նպատակը՝ Շուշիի պատմութիւնը պատմելն էր լուսանկարներու լեզուով, որ ամենաուղիղ լեզուն է որեւէ բան պատմելու համար: Պատկերագիրքին մէջ ներկայացուած են վարպետ-լուսանկարիչներու`վաւերագրական եւ գեղարուեստական աշխատանքները, որոնք  լուսանկարչական արուեստի միջոցով կը պատմեն Շուշիի պատմութիւնը` 1992-էն մինչեւ մեր օրերը:
Պատկերագիրքին մէջ ընդգրկուած են Ռուբէն Մանկասարեանի, Յակոբ Պէրպէրեանի, Մաքս Սիվասլեանի, Յակոբ Պօղոսեանի, Մուշեղ Գասպարեանի եւ Վահագն Գրիգորեանի վաւերագրական եւ գեղարուեստական լուսանկարները: Լուսանկարներուն մեծ մասը հրապարակուած են առաջին անգամ:  Օգտուած ենք Ռուբէն Մանկասարեանի արխիւէն, ուր պահպանուած էին ամբողջ Արցախեան պատերազմը  եւ յատկապէս Շուշիի ազատագրման գիշերը. ամբողջացուցած են Ռուբէն Մանկասարեանն ու Մաքս Սիվասլեանը: Ի պատիւ լուսանկարիչներուն ըսեմ, որ բոլորն ալ շատ մեծ սիրով համաձայնեցան համագործակցիլ եւ տրամադրել իրենց գործերը: Աշխատած ենք մօտ 5000 լուսանկարի հետ՝ «մաղելով» 120-ը:  Մուշեղ Գասպարեանը եւ Վահագն Գրիգորեանը պատկերած են մերօրեայ Շուշին` տօնախմբութիւնները, կենցաղը: Վահագն Գրիգորեանին կը պատկանին գեղարուեստական նկարները` ան ներկայցուցած է Շուշին, գեղարուեստօրէն:

Այս պատկերագիրքին միջոցով մեր հիմնական նպատակը Շուշին վերաբնակեցուած տեսնելն է, այնտեղ ամէն բան կայ գեղեցիկ ապրելու համար: Միւս նպատակը պատկերագիրքէն ստացած հասոյթին մէկ մասը Շուշիի մշակութային կեդրոնին նուիրելն է: Բացի այս պատկերագիրքէն՝ նպատակ ունինք նաեւ անդրադառնալու Դադիվանքին, որովհետեւ այնտեղ ալ վիճակը այդքան լաւ չէ` յատկապէս ճանապարհները:  Դադիվանքը այսօր քիչ թէ շատ վերանորոգման փուլի մէջ է եւ այցելուները միակ բանէն, որ կը բողոքեն, ատիկա վատ ճանապարհն է: Պէտք է փորձենք Դադիվանքի վրայ նոյնպէս ուշադրութիւն հրաւիրել»:

Ինչ կը վերաբերի մեր Հայրենի հիւրին Լիբանան այցելութեան իր տպաւորութիւններուն, ան վկայեց ըսելով. «Ասիկա իմ առաջին այցելութիւնս էր Լիբանան։ Վստահ եմ ապագային եւս պիտի ըլլան բազմաթիւ առիթներ: Ես կը կարծեմ, որ լիբանանահայ համայքը այն համայքն է, որ ամենաշատ ներդրումը ունեցաւ Արցախեան պատերազմին: Այդ էր պատճառը, որ մենք որոշեցինք «Իմ Շուշի» պատկերագիրքը ներկայացնել Լիբանանի մէջ: Կ՝ուզեմ շնորահակալութուն յայտնել Լիբանանի մէջ Հայաստանի դասպանութեան եւ ԹՄՄ Լիբանանի , որոնք մեծ պատրաստակամութեամբ կազմակերպեցին այս ձեռնարկը»:

Արդարեւ խմբագրատունս այցելութեան նոյն երեկոյեան՝ Յունիս 28-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան աջակցութեամբ` Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնի մէջ տեղի ունեցաւ «Իմ Շուշի» պատկերագիրքին շնորհահանդէս-գինեձօնը:

Պաշտօնական արարողութեան ժամանակ՝ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Լիբանանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը եւ «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր` Սեւակ Յակոբեանը, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց պատկերագիրքը:

Վսեմաշուք դեսպան՝ Սամուէլ Մկրտչեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ  նմանօրինակ ձեռնարկները մեծ նշանակութիւն ունին Սփիւռքի մէջ ապրող հայերուն համար։ ՀՀ դեսպանը յորդորեց ներկաները՝ անպայման այցելելու Շուշի:

Խօսելով գիրքին մասին «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիրը ըսաւ. «Այսօր մենք այստեղ ենք միասնաբար ծանօթանալու «Իմ Շուշի» (My Shushi) պատկերագիրքի շնորհահանդէսին ընդմէջէն:

Խաղաղութիւնը բոյր ունի կ’ըսէ պատկերագիրքի նախագիծի ղեկավար Գայիանէ Դաւթեան: Արդարեւ Գիրքին մէջ տեղ գտած նկարները ո՛չ միայն կը ներկայացնեն պատերազմի դժուար օրերը, այլ նաեւ Շուշիի խաղաղ եւ գունաւոր օրերը:

Պատկերագիրքը, ինչպէս անոր ներքին կողքը կը նշէ, հրատարակուած է Շուշիի ազատագրման 25 ամեակին առիթով 2017 թուականին Երեւանի մէջ:

Այս գեղեցիկ Պատկերագիրքին չափը 23 x 23 սմ է: Օգտագործուած թուղթը կաւճապատ է (մենք քուշէ կամ քոդտ կ՛ըսենք հոս): Հարտ քաւըր կազմուածք ունի: Բովանդակութիւնը 9 պրակ է՝ 148 էջ: Տպուած է «Մագաղաթ» տպարանին մէջ 1000 տպաքանակով:

Նախաձեռնութիւնը Art PR ընկերակցութեանն է: Նախագիծի ղեկավարը՝ Գայիանէ Դաւթեանը: Երլեզու է պատկերագիրքը՝ Հայերէն եւ անգլերէն:

Այս պատկերագիրքին հրատարակութեան համար իր գործակցութիւնը շնորհած է Արցախի հանրապետութեան Մշակոյթի եւ Երիտասարդութեան հարցերով նախարարութիւնը: Նշենք, որ անոր հասոյթէն գոյացող գումարին մէկ մասը պիտի նուիրուի Շուշիի կերպարուեստի թանգարանին կից գործող տեքորաթիւ արուեստի սթիւտիոյին:

Պատկերագիրքին մէջ իր ներածական խօսքը ունի, ինչպէս վերը նշեցի Գայիանէ Դաւթեանը: Պատմագրական կարեւոր նախաբանով մը հոն հանդէս եկած է յայտնի պատմաբան, գրող եւ հրապարակախօս՝ Վահէ Լոռենցը իր խօսքը արդարացի եւ խորհրդանշանակօրէն վերնագրելով՝ «Հայ ազգի ոգին եւ բազուկը տուել է Արցախը»:

Գիրքին մէջ տեղ գտած են 6 լուսանկարիչներու ընտրուած գործեր հետեւեալ կարգով՝

Ռուբէն Մանկասարեան 14 նկար, Յակոբ Պօղոսեան 28 լուսանկար, Մաքս Սխազլեան 30 լուսանկար, Յակոբ Պէրպէրեան 30 լուսանկար, Մուշէղ Գասպարեան 12 լուսանկար, Վահագն Գրիգորեան 8 լուսանկար: Ընդհանուր 122 շատ կարեւոր եւ խօսուն լուսանկարներ:

Ըստ զայն պատրաստողին վկայութեան, այս լուսանկարներուն մեծամասնութիւնը առաջին անգամն է, որ լոյս կը տեսնեն:

Ինչպէս Գայիանէն ինքն ալ կը շեշտէ, «Իմ Շուշի» պատկերագիրքին մէջ քաղաքական կամ կուսակցական նկարներ չկան: Այնտեղ կան Հայ անձնազոհ զինուորներ, կայ պատմութիւն, կայ լուսանկարներու միջոցաւ ներկայացուած վաւերագրութիւն:

Այս լուսանկարները տեսնող Հայ կամ օտար անձը իր հոգիին մէջ պիտի զգայ անզուգական Շուշին ինչպէս պատերազմի օրերուն, նաեւ խաղաղութեան շրջանին»:

Իր խօսքը եզրափակելով ընկեր Յակոբեան մատնանշեց. «Իսկ որպէս պատասխան բոլոր անոնց, որոնք կը կասկածին Հայրենի մեր պետութեան քաղաքականութեան մասին՝ տարածքներու զիջումին վերաբերեալ, պատկերագիրքին մէջ տեղ գտած է Արցախի Հերոս Հայաստանի Նահատակ Վարչապետ Վազգէն Սարգսեանի մէկ խօսքը՝ «Եւս 5 տարի, եւս 500, 5000 տարի. Շուշին յաւերժ հայկական է լինելու»:

Աւարտին, «Իմ Շուշի» նախագիծի հեղինակ Գայիանէ Դաւթեան շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանահայերուն` ջերմ ընդունելութեան եւ համագործակցութեան համար: Խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ աւանդական գինեձօնը:

Պատկերագիրքը մեծ ոգեւորութեամբ ընդունուեցաւ եւ յատկապէս կարեւոր համարուեցաւ այն փաստը, որ վաճառքի հասոյթին մէկ մասը պիտի տրամադրուի Շուշիին՝ մասնաւորապէս Կերպարուեստի թանգարանին կից գործող արուեստանոցին:

«Զ.»

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին