Ուրբաթ, 04. 07. 2025

spot_img

Արցախի Նախագահի Թեկնածուներու Առաջադրման Գործընթացը Պիտի Մեկնարկէ Յուլիս 5-ին

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածուներու առաջադրման գործընթացը պիտի մեկնարկէ Յուլիս 5-ին: «Panorama.am»-ի թղթակիցին այս մասին տեղեկացուցած են Արցախի խորհրդարանէն: Առաջադրումներու վերջնաժամկէտը Յուլիս 12-ն է:

Արցախի ազգային ժողովէն կը տեղեկացնեն նաեւ, որ ընտրութիւններու վերջնական օրը դեռ յստակեցուած չէ: Անիկա ԱԺ կանոնակարգ օրէնքով պիտի որոշուի միայն թեկնածուներու առաջադրումներու աւարտէն ետք: Ընտրութիւններու իրականացման մօտաւոր ժամկէտը Յուլիս 19-էն 29-ն է:

Յիշեցնենք, որ Յուլիս 1-ին տեղի ունեցած է Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութեան (ԱԺԿ) հերթական` 5-րդ համագումարը, որ  Արցախի ԱԺ «Ժողովրդավարութիւն» խմբակցութեան լիազօրած է Յուլիսին խորհրդարանին կողմէ նախագահի ընտրութիւններուն առաջադրելու Բակօ Սահակեանի թեկնածութիւնը:

Սահմանադրութեան անցումային դրոյթներով Արցախի գործող նախագահի լիազօրութիւններու աւարտէն ոչ շուտ՝ քան 50, ոչ ուշ՝ քան 40 օր առաջ, ինչպէս նաեւ մինչեւ գործող Ազգային ժողովի լիազօրութիւններու աւարտը Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը թափուր մնալու պարագային, ոչ շուտ՝ քան 30, ոչ ուշ՝ քան 40 օր ետք ԱԺ խմբակցութիւններու առաջարկութեամբ կ’ընտրուի Հանրապետութեան նախագահ, որ կը պաշտօնավարէ մինչեւ գործող Ազգային ժողովի լիազօրութիւններու ժամկէտի աւարտը:

Հանրապետութեան նախագահ կ’ընտրուի այն թեկնածուն, որ ստացած է պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու առնուազն երկու երրորդը:

Արցախի նախագահ կրնայ ընտրուիլ 35 տարին լրացած, վերջին 10 տարուան մէջ միայն Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացի հանդիսացող, վերջին 10 տարուան մէջ Արցախի Հանրապետութեան մէջ մշտապէս բնակող, ընտրական իրաւունք ունեցող իւրաքանչիւր անձ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին