Յառաջիկային բանակի մէջ եւ յատկապէս առաջնագծի վրայ պիտի իրականացուին շարք մը կարեւոր ծրագիրներ, որոնք էականօրէն պիտի ազդեն զինծառայողներու հասարակական-կենցաղային պայմաններու բարելաւման վրայ:
Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, դիմատետրի իր էջին գրած է Արցախի նախագահի խորհրդական Տիգրան Աբրահամեան:
Անոր փոխանցումով՝ Արցախի մէջ ներկայիս կ’ուսումնասիրուին եւ կը հաշուարկուին առաջնագիծը մշտապէս խմելու ջուրով ապահելու հարցը: Պիլոտային ծրագիրը բարեյաջող իրականացուած է Ջրականի մէջ (նախապէս` Ջապրայիլ, որոշ դիրքեր ապահովուած են մշտական ջուրով):
«Առաջնագծի վրայ ծառայած եւ ծառայող մարդիկ լաւ գիտեն այս ծրագիրին իրական ազդեցութիւնն ու գինը, իսկ զինծառայողներու հետ իրականացուող զրոյցներուն ժամանակ՝ այս ծրագիրին իրականացումը ամենանախընտրելիներէն է: Ծրագիրին ներդրումը պիտի լուծէ մեծ թիւով խնդիրներ. առաջին հերթին զինծառայողներուն պիտի ընձեռուի օրուան ընթացքին անսահմանափակ քանակով ջուրի օգտագործման հնարաւորութիւն: Երկրորդ, ջուրի մեքենաները մշտապէս հակառակորդի թիրախին են եւ անվտանգութեան առումով լուրջ խնդիրներ կը ստեղծեն վարորդներու համար, ծրագիրին իրականացումով՝ այս վտանգը ամբողջութեամբ պիտի չէզոքացուի: Երրորդ, անիկա պիտի ապահովէ ֆինանսական մեծ տնտեսումներ»,- նշած է Աբրահամեան եւ աւելցուցած, որ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը յանձնարարած է ծրագիրը սեղմ ժամկէտներու մէջ շինարարական աշխոյժ փուլ տեղափոխել: