Արցախի հիմնախնդիրին շուրջ ոչ մէկ փաստաթուղթ կրնար ստորագրուիլ` առանց պաշտօնական Ստեփանակերտի մասնակցութեան:
Այս մասին, ըստ «News.am»-ի, Յունիս 30-ին, յայտարարած է Հայաստանի ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան` 2016 թուականի պետական պիւտճէի կատարողականի հաշուետուութեան քննարկումներուն ժամանակ ունեցած ելոյթի ժամանակ:
«Այս մասին կ’ըսուի Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ գլխաւոր գրասենեակին մէջ պահուող բանակցային փաստաթուղթերուն մէջ»,- աւելցուցած է ան: