*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՂՕՂԼԵԱՆ*
«Արարատի վրայով կ’անցնինք» հնչեց բարձրախօսը. Ամէնքս ուղղուեցանք օդանաւին պատուհանները: Արարատը՜… կուրծքիս տակ զգացի թնդանօթային զարկեր… չէ՞ որ առաջին անգամն էր որ երազս կ’իրականանար:
Երեւանը…
Օդակայան – հիւրանոց:
Հայաստան: Խորհրդային Միութեան մէկ անդամը… եւ Փերեսդրոյքա..
«Արարատի ծեր կատարին դար է եկել վայրկեանի պէս ու անցել, Դու էլ նայիր սէգ ճակատին ու անցիր..».Ա.Իսահակեան:
Անցաւ: Երազանքը եղաւ: Անկախութիւ՜ն…
Շատ գրուեցաւ ատենին ու տակաւի՛ն…Անկախութեան պտուղներու մասին..ու Արարատը գերեվարուած, հաստատ նստած…եւ այլեւս դիտողի մեկնաբանութիւնը…
Ինչքան նման է Ան իր իսկական տէրերու պատկերին. Առաջին հերթին՝ երկփեղկումը՝ Սիս Մասիս ու անոր մէջ մեր Երազը՝ ունենալ Արարատը: Իբրեւ գոյական, ո՛չ բանաստեղծական թռիչքներ ի հարկէ:
«Քեզ Մասիսն եմ նուիրում» Յ.Շիրազ… եւ ոչ այլ բան: Տակաւին Արարատը անշարժ է. Արդար հատուցում ինքնեկ պիտի չըլլայ հարկաւ:
Այվազովսկի պաստառներու վրայ իր սրտին սէրը նկարեց. ու սրտերը տաքցուց հիացուց:
Արարատը,- քանի-քանի արուեստագէտներու սիրահարը… Չարենց, Սիլվա, Գ. Էմին, մինչեւ իսկ Եւտուչենքոն… «ու նայեմ ճամբիդ ու քեզնից անհաս մնամ», եւ «ինչպէս անհաս փառքի ճամբայ» մեզմէ հեռու մնայ…
Այսպէս պիտի տուայտի՞նք:
Ինչքան նման է Հայու… արկփեղկուած ու սրտակէզ քանի ամէն հայու սրտին մէջ գոյ է Ան:
«Ես քեզ տեսայ ով հսկայ վեհափառ տեսք գլխուդ ձիւն
Քանի դեռ մեր սէրը կայ, օր մը տուն կը դառնաս դուն:»Ս.Ա.
Ցանկութիւ՞ն թէ տեսլականի սլացք:
Իրողութիւններու յառաջամարտիկը ցանկութիւնն է թէեւ, սակայն անոր յայտնի եւ անյայտ ժամանակներու ու ծրագիրներու գործնականացումն է որոնց տուեալները դժբախտաբար մառախուղի մէջ են կորած տակաւին:
Երէկ կը հաւատայի:
Երանի՜ տակաւին հաւատացողներուն:
Իսկ ես, քու մէկ որդիդ անցաւոր, սրտով լեցուն, նոր չէ որ յոյզն ես սրտիս, ու հատուցումը զգացումներուս զորս մանկութենէս կը կրեմ ծնողքիս շնորհիւ, կը մնամ ձիւնածածկ գագաթիդ նայելով արցունքոտ աչքերով բեռդ տանիլ…
ԱՐԱՐԱՏը …
Շատերու սրտին մէջ բայց աչքէ հեռու,
Ոմանց աչքերու դէմ բայց… կը հեռանան:
Օ,՜ ԱՐԱՐԱՏը, մարմնացումը հայու,
Սահմանումներէ հեռու… հոգեխռով իրողութիւն:
Վերջին հաշուով…
Ամէն հայ ԻՐ Արարատը ունի: