Յուլիս 2-ին, Ախալցխա ժամանած են Համշէնէն, ՀՀ-էն ու ԱՄՆ-էն հիւրեր, որոնք մասնակցած են շարք մը ձեռնարկներու: Այս մասին կը հաղորդէ «Akhaltskha.net»-ը։
Պաւրայի անցակէտին մօտ՝ զօրավար Արշալոյս Փայտեանը եւ ԱՄՆ-ի Կլենտէյլ քաղաքի քաղաքային խորհուրդի անդամ Զարեհ Սինանեանը դիմաւորած են Ախալցխայի ու Ախալքալաքի շարք մը ներկայացուցիչներ: Ճանապարհին, հիւրերը, Սամուէլ Պետրոսեանի հրաւէրով այցելած են Վարեւան գիւղ՝ մասնակցելու Պետրոս Ապաճեանի յիշատակի օրուան նուիրուած ձեռնարկին, որ զոհուած է Արցախեան ազատամարտին:
Ախալքալաքէն հիւրերը ժամանած են Ախալցխայի Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր հիւրերուն աղ ու հացով դիմաւորած են Սամցխէ-Ջաւախքի Մետիա Վերլուծական Կեդրոնի տնօրէն` Էդուարդ Այվազեանը, Ախալցխայի հոգեւոր տեսուչ Հայր Յակոբ աբեղայ Սահակեանը եւ Վրաստանի պատգամաւոր Գիորգի Գոբաձէն՝ ժողովուրդին հետ միասին: Գրիգոր լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Ախալցխայի հոգեւոր տեսուչ Հայր Յակոբ աբեղայ Սահակեանը պատուոգրեր տուած է Կլենտէյլ քաղաքի քաղաքային խորհուրդի անդամ Զարեհ Սինանեանին եւ Ուաշինկթընի հայ համայնքի ներկայացուցիչ, Policy Forum Armenia կեդրոնի ղեկավար` Դաւիթ Գրիգորեանին, որմէ ետք հիւրերը ախալցխահայերու հետ միասին այցելած են Սբ. Նշան եկեղեցի: Եկեղեցւոյ մէջ հիւրերը ծանօթացած են Ս. Նշանի պատմութեան եւ անոր ներկայ կարգավիճակին:
Ս. Նշանէն պատուիրակութիւնը բարձրացած է Հայոց Ցեղասպանութեան խաչքար յուշակոթող, ուր Զարեհ Սինանեանը՝ պատգամաւոր Գիորգի Գոբաձէի հետ միասին՝ ծաղկեպսակ դրած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Ցեղասպանութեան յուշաքարէն հիւրերը այցելած են Ախալցխայի հայկական գերեզմանատուն: Գերեզմանատան մէջ, Զարեհ Սինանեան եւ Գիորգի Գոբաձէն ծաղկեպսակներ դրած են Կարապետ Բագրատունի Սրբազանի դամբարանին: Այնուհետեւ, հիւրերը բարձրացած են 1918-ի Ախալցխայի ինքնապաշտպանութեան հերոսներու յիշատակին կանգնեցուած յուշակոթող, ուր պատգամաւոր Գիորգի Գոբաձէի հետ միասին՝ զօրավար Ա. Փայտեանի եւ Զ. Սինանեանի անունով ծաղկեպսակներ դրուած են Ախալցխան պաշտպանած հերոսներու յիշատակին:
Աւարտին՝ պատուիրակութիւնը այցելած է Ախալցխայի կեդրոնական այգիին մէջ գտնուող Ապրիլ 9-ի զոհերու յիշատակին տեղադրուած յուշակոթող, ուր պատուիրակութեան անդամները եւս ծաղկեպսակ դրած են վրաց ժողովուրդի անմեղ զոհերու յիշատակին:
Ձեռնարկը աւարտած է Ռաբատի բերդին մէջ խնճոյք պարահանդէսով:
Ախալցխա Համշէնէն, ԱՄՆ-էն ու Հայաստանէն հիւրերու ժամանման գաղափարը կը պատկանի Արցախեան ազատամարտիկ, ծնունդով Ախալցխացի Էդուարդ Էնֆիաճեանին, որ ներկայիս կը բնակի ԱՄՆ-ի Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ: