Ամերիկահայ լրագրող Թալին Պապայեան եւ բեմադրիչ Ստեփան Հաւատեան Արցախ այցելած են` ֆիլմ նկարահանելու նպատակով:
«Արցախփրէս»-ին Թալին Պապայեան ըսած է, որ ինք առաջին անգամ Արցախ եկած է 2003-ին եւ նշած, որ Արցախէն ստացած իր տպաւորութիւնները անբացատրելի են:
«Կը ցանկանք Արցախի մասին այնպիսի ֆիլմ նկարահանել, որ սփիւռքահայերն ու օտարները տեսնեն ու հասկնան, որ Արցախը լոկ հակամարտութեան գօտի չէ, այլ երկիր, ուր մարդիկ կ՛ապրին, կը զարգանան, կը ստեղծագործեն, կ՛արարեն: Արցախը օր օրէ աւելի կը գեղեցկանայ, կառուցուած են նոր շինութիւններ, սրճարաններ, հանգիստի վայրեր: Ստեփանն ու ես քալած ենք Ստեփանակերտի, Մարտակերտի փողոցներով, շփուած մարդոց հետ, եղած զինուորներու մօտ: Մենք հիացած ենք. որքան ազնիւ, բարի ու խաղաղ մարդիկ են արցախցիները: Սա երկիր մըն է, ուր մարդ կրնայ լիարժէք ազատ ապրիլ եւ արտայայտուիլ, զբաղիլ իր առօրեայով, արարել ու երազել: Կը կարծեմ` մեր ֆիլմը, երբ ցուցադրուի, անիկա մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Արցախ ճանաչման գործին. պիտի աւելնան արցախով հետաքրքրուողներու քանակը, պիտի շատնայ նաեւ զբօսաշրջիկներու թիւը: Համոզուած ենք, որ ֆիլմը լայն տարածում ու ճանաչում պիտի գտնէ, եւ մենք ալ ատով մեր փոքրիկ ներդրումը պիտի բերենք այդ գործին»,- մասնաւորապէս ըսած է Թ. Պապայեան եւ նշած, որ այցի ընթացքին իրենք եղած են նաեւ Շուշիի, Գանձասարի եւ Արցախի այլ պատմամշակութային վայրերու մէջ:
Թ. Պապայեանի խօսքով՝ ինք կը վերադառնայ Նիւ Եորք, նորէն Արցախ գալու նպատակով:
Ստեփան Հաւատեան ըսած է, որ ինք պարզապէս հիացած է Արցախով եւ արցախցիներով եւ բառեր չի գտներ իր զգացմունքներն ու տպաւորութիւնները արտայայտելու համար:
«Այս երկրի մասին այնքան բան կայ նկարելու, ըսելու, որ ատոնք պարզապէս անհնար է զետեղել մէկ ֆիլմի մէջ: Արցախը լոկ հողատարածք չէ. այս հողին վրայ հեղուած է մեր հայրերու եւ եղբայրներու արիւնը, եւ մենք պարտաւոր ենք այն սրբութեամբ պաշտպանել ու պահել: Երբ հանդիպեցանք ու խօսեցանք զինուորներու հետ, զգացինք, թէ անոնք ինչքան սէր, հաւատք ու հպարտութիւն կը տածեն իրենց հայրենիքին հանդէպ»: