Վիեննայի մէջ, Յունիս 27-ին, բացուած է ԵԱՀԿ ապահովական հարցերու նուիրուած տարեկան համաժողովը, որ կը կազմակերպուի ԵԱՀԿ-ի նախագահութեան կողմէ։
Ըստ «Tert.am»-ի՝ Արցախի եւ Ուքրանիոյ հակամարտութիւնները եղած են համաժողովի օրակարգի հիմնական նիւթերը։
Համաժողովը, որուն կը մասնակցէին բարձրաստիճան դիւանագէտներ եւ փորձագէտներ, բացուած է Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրցի խօսքով, որմէ ետք համաժողովին մասնակիցները սկսած են քննարկելու ԵԱՀԿ-ի տարածքէն ներս ապահովութեան առնչուող մարտահրաւէրները:
Առաւօտեան տեղի ունեցած քննարկումներուն ընթացքին՝ շատ մը բանախօսներ խօսած են Արցախի հակամարտութեան շուրջ գոյութիւն ունեցող վտանգներուն մասին: Համաժողովին մասնակցած են նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի պատուիրակութիւնները:
Մասնակից պետութիւնները եւ միջազգային կազմակերպութիւնները վերահաստատած են իրենց աջակցութիւնը՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ջանքերուն:






