*ԶԱՐՄԻՆԷ ԿԱՆԱՉԵԱՆ ԱՍՄԻՆԵԱՆ*
Ուրբաթ 16 Յունիս 2017-ին, երեկոյան ժամը 5:00-ին, վարժա-րանի շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը։
Ներկաjութեամբ՝ Ռմէյլ թաղի Ս․Յարութիւն եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Ղեւոնդ քհնյ․ Լօշխաճեանին, նոր Հաճըն թաղի Ս․Գէորգ եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Նարէկ քհնյ․ Հէճինեանին, Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներու, Ս․Յարութիւն եւ Ս․Գէորգ եկեղեցիներու Թաղական խորհուրդներու անդամներու եւ անոնց յարակից Տիկնանց յանձնախումբերու նաեւ հոգաբարձութեան ատենապետուհիին եւ շրջանաւարտներու ծնողներուն, վարժարանի ուսուցչակազմին եւ պաշտօնէութեան նաեւ բարեկամներու եւ բարեկամուհիներու։
Հանդէսի թեման էր Մեր լեզուն՝ Մեսրոպ Մաշտոցի ստեղծած հայերէնը։
Սրահէն ներս բեմի ետնապատին զետեղուած էր մեր լեզուի զօրութիւնը խորհրդանշող գծապատկեր մը,որ գործն էր՝ վարժարանի նկարչութեան ուսուցչուհի Տիկ․Ամալիա Երամեանին․ այնտեղ կար մեր սրբազան Արարատ լեռը, մեր սիրելի վարժարանի անունը, մայրենի բնութիւնը, հայոց առաջին ուսուցիչ՝ Մեսրոպ Մաշտոցը, հայոց տառերը եւ հայ աշակերտը։
Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք գործադրուեցաւ յայտագիրը։
Ծաղիկ դասարանէն Աղասի Փափազեան եւ Մապէլ Գասար Այնթէպի միասնաբար յստակ եւ համարձակ կերպով կատարեցին բացման խօսքը․
Անոնք բարի գալուստ մաղթեցին բոլորին եւ իրենց արտասանած իմաստալից խօսքերով՝ հայոց լեզուի գովքը հիւսեցին։
Աւարտեցին իրենց խօսքը՝ ներկաներուն բարի վայելում մաղթելով։
Ծաղիկ դասարանի աշակերտները հպարտօրէն կատարեցին խմբային արտասանութիւններ․հայերենով՝ «Իմ Հայ Լեզու» , եւ «Հայոց լեզու» ինչպէս նաեւ իրենց գեղեցիկ ձայներով հրամցուցին՝ գեղեցիկ մանկական «Ա- Բ- Գ» երգը։
Ապա մանկամսուրի փոքրիկներու պարային մուտքը «I am the musicman» պարեղանակով շատ զուարճացուցին ներկաները եւ բոլորը ծափով ընկերակցեցան։
Կոկոն եւ ծաղիկ դասարանի աշակերտները արաբերէնով արտասանեցին «իմ գիրքը» արտասանութիւնը, եւ խմբային երգեր կատարեցին։ Իսկ կոկոն դասարանի աշակերտները ներկայացուցին հայկական պար մը, որուն յաջորդեց անգլերէն լեզուով երկու երգեր․«Sing the Alphabet », «My A- B- C» եւ «Kindergarten» արտասանութիւնը։
Դարձեալ սրահը խանդավառուեցաւ, երբ ծաղիկ դասարանի աշակերտները արաբերէն պարով մը բեմ բարձրացան։
Որմէ ետք՝ ներկաները ըմբոշխնեցին բողբոջ դասարանի փոքրիկներուն երեք լեզուներով կատարած խմբային արտասանութիւնները, երգերն ու «Bella» պարը։
Յայտագրի աւարտին Ծաղիկ դասարանի աշակերտները Խմբովին արտասանեցին «Այբուբեն Հայոց »ը իսկ Տիէկօ Մալճեան ատասանեց՝ «Հայ Ենք Մենք» բանաստեղծութիւնը։
Անոնք կատարեցին նաեւ «Մենք Մանուկներ» եւ «Հայերէն Այբուբեն » մանկական երգերը։
Հայկական ֆինալ պարէն ետք՝ վարժարանի տնօրէն Պրն․ Յակոբ Կէրկէրեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը։
Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն ըսաւ․ «Աւարտեցինք 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանը։
Մենք տարեկան ուսումնական ծրագիրը բարեխիղճ նուիրումով կատարեցինք ու աւարտեցինք, գործակցութեամբ՝ Ազգ․ իշխանութեան Ուսումն․ խորհուրդին»։
Անդրադարձաւ ուսուցիչներու վերապատրաստման աշխատանքներուն. դպրոցէն ներս գործակցութեամբ Գարակէօզեան հաստատութեան, ինչպէս նաև ուսուցիչներու մասնակցութիւնը Ազգ․իշխանութեան Ուսումն․ խորհուրդին կազմակերպած վերամշակման ծրագիրներուն։
Պրն․ Յակոբ Կէրկէրեան իր խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով Ազգ․իշխանութեան Ուսումն․ խորհուրդին եւ տնտեսական դիւանին իրենց զօրակցութեան համար, բարերարներուն անհատ թէ հաստատութիւն, ուսուցչակազմին, պաշտօնէութեան եւ ծնողներուն, որոնք վարժարանին վստահած էին իրենց զաւակները։
Ապա շնորհաւորեց շրջանաւարտներն ու իրենց ծնողները, մաղթելով՝ բարի երթ։
Մանկամսուրի և մանկապարտէզի փոքրիկ շրջանաւարտները բեմ բարձրացան եւ ստացան իրենց վկայականները, ձեռամբ՝ նոր Հաճըն թաղի Ս․Գէորգ եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Նարէկ քհնյ․ Հէճինեան հոգաբարձութեան ատենապետուհիին, վարժարանի տնօրէնին եւ մանկապարտէզպանուհիին։
Հանդէսը փակուեցաւ Տէր Նարէկ քհնյ․ Հէճինեանի պահպանիչ աղօթքով։ Բոլորը շնորհաւորեցին շրջանաւարտներն ու ծնողները եւ ուրախութեամբ վերադարձան իրենց տուները։