Յունիս 28-ին կայացած մամուլի ասուլիսին՝ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան յայտարարած է, թէ վերջին տասը օրերուն Ազրպէյճանի զինուժը կորսնցուցած է 8 զինծառայող:
«Հաստատուած տուեալներով` 10 օրուան ընթացքին ազրպէյճանական կողմը տուած է 8 զոհ: Չհաստատուած տուեալներով` զոհերուն թիւը աւելին է»,- նշած է նախարարը` պարզաբանելով, որ երկրորդ պարագային խօսքը յաջողութեամբ իրականացուած պատժիչ գործողութիւններու մասին է, սակայն ատոնց իբրեւ արդիւնք եղած զոհերու մասին յստակ տուեալներ չկան: Այս մասին կը հաղորդէ «Artsakhpress.am»-ը։
Նախարարին խօսքով` զոհուած ազրպէյճանցի զինծառայողները չեն յուղարկաւորած եւ ազրպէյճանական մամուլի մէջ անոնց մասին տուեալներ չկան:






