Կիրակի, 01. 02. 2026

spot_img

Թարմացուած են Պաշտպանութեան Բանակի Ինքնաշարժները

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան յայտնած է, որ «այս տարի նախարարութիւնը ձեռք բերած է այնքան ինքնաշարժ, որքան չէր յաջողած ձեռք բերել վերջին տասնամեակի ընթացքին»:

«Այս տարի մեծ ծրագիր իրականացուցած ենք բանակի ինքնաշարժները թարմացնելու ուղղութեամբ: Նոր մեքենաներով առաջնահերթ կը յագեցնենք առաջնագիծը սպասարկող զօրամասերը»,- եզրափակած է նախարարը:

Անդրադառնալով վերջերս վթարի ենթարկուած Պաշտպանութեան նախարարութեան ենթակայ  մեքենայի վիճակին ու ուղեւորներու թոյլատրելի քանակինˋ նախարարը նկատել տուած է, որ անիկա «եղած է շահագործման ժամկէտի մէջ, իսկ թոյլատրելի 20 ուղեւորի փոխարէն մեքենայի մէջ եղած է 18 զինծառայող, որոնց վիճակը բժիշկները այժմ  բաւարար կը գնահատեն», կը հաղորդէ «Մետիամաքս»-ը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին