Ուրբաթ, 27. 06. 2025

spot_img

Ֆրանսայի Մէջ Կայանալիք Տուտուկի Փառատօնին Շնորհիւ՝ Հայկական Գործիքին Հանդէպ Հետաքրքրութիւնը Պիտի Մեծնայ

Ֆրանսայի մէջ, այս տարի, առաջին անգամ, պիտի իրականացուի տուտուկի փառատօն:

Ըստ «Armenpress.am»-ի՝ այս մասին լրագրողներու հետ այսօրուան հանդիպման ժամանակ՝ ըսած է Պ. Ի. Չայքովսքիի անուան միջնակարգ երաժշտական մասնագիտական դպրոցի տնօրէն Մարտուն Կոստանդեան։

«Մեր հայրենակից Լեւոն Չատիկեանին շնորհիւ՝ Ֆրանսայի մէջ տասը տարի առաջ հիմնուած են տուտուկի պետական դասարաններ, որոնք կը գործեն Ֆրանսայի երեք երաժշտանոցներուն մէջ: Փառատօնը կ’իրականացուի այդ առիթով»,- նշած է Կոստանդեանը:

Ան ընդգծած է, որ փառատօնին պիտի մասնակցին իրենց դպրոցի սաները, որոնց հետ Ֆրանսա պիտի մեկնին նաեւ տուտուկի վարպետներ` վարպետութեան դասեր իրականացնելու նպատակով:

Փառատօնը կ’իրականացուի Հայ-ֆրանսական մանկական նուագախումբի` Ֆրանսա կատարելիք շրջագայութեան ծիրէն ներս:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին