Ճազը ամերիկեան երաժշտութեան ոճ մըն է, որ ձեւաւորուած է 20-րդ դարու սկիզբը, Միացեալ Նահանգներու հարաւային շրջաններու աֆրօ-ամերիկեան համայնքներուն մէջ, ափրիկեան եւ եւրոպական աւանդական երաժշտութիւններու միախառնումէն:
Նիու Օրլինզի աղքատ թաղամասերուն մէջ ծնած ճազ երաժշտութիւնը հետզհետէ հասած է Մեմֆիս, Սենթ Լուիս, Շիքակօ, Նիու Եորք, եւ այսպէս տարածուած է համայն աշխարհի մէջ: Ճազ երաժշտութեան առաջին ձայնապնակը արձանագրուած է 1917-ին, Նիւ Եորք: Ճազը ընդունուած էր իբրեւ ժողովրդային ամենահամեստ խաւերու երաժշտութիւնը:
30 Ապրիլ 2012-էն սկսեալ, ի յիշատակ ճազ երաժշտութեան հսկաներէն Տիուք Էլինկթընի ծննդեան թուականին, համայն աշխարհ կը նշէ «Ճազի Միջազգային Օր»ը:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութիւնը «Թանկօ» երաժշտութեան նուիրուած աննախընթաց երեկոյէն քանի մը օր ետք, Ուրբաթ, 23 Յունիս 2017-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ, մշակութասէր, երաժշտասէր հոծ հասարակութեան մը ներկայութեան, որոնց մէջ Լիբանանի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Աշոտ Վարդանեանը եւ դեսպանատան անձնակազմը, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը եւ անդամները, ՀԲԸՄ-ի կրթական յանձնաժողովի ատենապետուհին, քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Լիբանանի մէջ Իտալական Մշակութային Հաստատութեան հետ համագործակցաբար, Ճազ երաժշտութեան փառաւոր երեկոյ մը կազմակերպեց, իտալիայէն հրաւիրելով աշխարհահռչակ «The Trio Giachino» եռեակը:
Եռեակի հիմնադիր Ֆապիօ Ճիաքինօ ճանչցուած է իբրեւ Իտալիոյ արդի երաժշտութեան ամենաշնորհալի եւ տաղանդաւոր դէմքերէն մէկը: «The Trio Giachino »եռակը բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած է եւրոպական եւ միջազգային բեմերու վրայ: Ան կը մնայ երաժշտական աշխարհի փնտռուած խումբերէն մէկը: 2013-էն սկսեալ, «The Trio Giachino » մնայուն տեղը կը գրաւէ Իտալիոյ լաւագոյն նուագախումբերու տասնեակին մէջ:
Յանուն ՀԲԸՄ- ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութեան տոքթ. Շահէ Փարթամեան յայտնեց, թէ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Անդրանիկ Մշակութային Մարմինը աւելի քան քսան տարիներէ մշակութային տարբեր տեսակի ձեռնարկներ կը կազմակերպէ, արժանանալով հայութեան ջերմ գնահատանքին: «Այս երեկոյ ականատեսը պիտի ըլլանք ճազ երաժշտութեան շնորհիւ Իտալիայէն յատուկ ժամանած, 2011-ին հիմնուած « The Trio Giachino » եռեակին, որ ցարդ հրապարակած է համաշխարհային լայն ընդունելութիւն վայելող երեք մեծ ձայնասկաւառակ», ըսաւ ան եւ հաճելի ժամանց մաղթեց ներկաներուն:
Տաղանդաւոր երաժիշտներ՝ Ֆապիօ Ճիաքինօ (դաշնամուր), Տաւիտ Լիպերթի ( գոնթրպաս) եւ Ռուպէն Պելլաւիա ( թմբուկ) ներկայացուցին դասական եւ ժամանակակից երաժշտութեան բացառիկ յայտագիր մը: Երկարատեւ ծափահարութիւնները եւ սրահին մէջ ստեղծուած ոգեւորութիւնը ապացոյց էին, թէ ներկաները պիտի չբաւարարուին յայտագիրին մէջ նշուած տասը կտորներով: Խանդավառութիւնը ակնյայտ էր բոլորին «պիզ»երու տարափէն: Անոնց փափաքին ընդառաջելով «The Trio Giachino » եռեակը կատարեց յաւելեալ նուագներ:
Երեկոյի աւարտին, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութեան ատենապետ Շահէ Պապահեքեան երախտագիտութեան յուշանուէրներ յանձնեցին «The Trio Giachino »ի անդամներուն:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ