Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Ֆլանտրիայի Խորհրդարանին Մէջ Արցախի Հետ Բարեկամութեան Խումբ Պիտի Գործէ

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Պելճիքայի ծերակուտական, Ֆլանտրիայի խորհրդարանի անդամ Եորիս Բոշեթը՝ ճանաչողական այցով ժամանած է Արցախ: Այցի երեք օրերը օգտագործած է Արցախին հնարաւորինս լաւ ծանօթանալու նպատակով: Հասցուցած է այցելել բազմաթիւ վայրեր, հանդիպած է բազմաթիւ մարդոց հետ, թէ՛ պաշտօնեաներու եւ թէ՛ տարբեր ոլորտներ ներկայացնող գործիչներու: Տպաւորութիւնները ամփոփած է այցի աւարտին կայացած ասուլիսին ընթացքին: Նաեւ խօսած է Արցախի հետ կապուած իր ծրագիրներուն մասին:

Եորիս Պոշեթի արցախեան եռօրեան անցած է յագեցած օրակարգով: Հանդիպում նախագահի հետ, քննարկում Ազգային Ժողովի մէջ, այցելութիւն Շուշի, Գանձասար, Տիգրանակերտ: Ճանաչողական այցին ծիրէն ներս՝ պելճիքացի պատգամաւորը նաեւ եղած է Արցախի մէջ գործող միջազգային կազմակերպութիւններէն «Հալօ Թրասթ»-ի մէջ, այցելած ոգելից խմիչքներու արտադրութեամբ զբաղող ընկերութիւններէն «Արցախ Պրենտի Քոմփընի»: Մամուլի ասուլիսին ժամանակ ամբողջացուցած է տպաւորութիւնները. «Այստեղ ամէն ինչ շատ կազմակերպուած է, մաքուր, կարգ ու կանոնով: Ինծի համար հաճելի էին բնութիւնը, տեղական խոհանոցը, մարդիկ: Ինքզինքս այստեղ անապահով եւ անյարմար չեմ զգացած»:

Լրագրողները չեն շրջանցած նաեւ քաղաքական հարցերը: Արցախի քաղաքական դաշտը գնահատելու հնարաւորութիւն՝ պելճիքացի խորհրդարանականը ունեցած է Ազգային Ժողովի պատգամաւորներուն հետ հանդիպման ժամանակ: «Ես այստեղ բազմակարծութիւն տեսայ: Տարբեր պատգամաւորներ տարբեր տեսակէտներ ունէին նոյն հարցին վերաբերեալ, ըսենք` նոր ընդունուած Սահմանադրութեան, հարկային քաղաքականութեան եւ այլնի: Ատիկա բնական է»,- կը գնահատէ Պելճիքայի ծերակուտականը, Ֆլանտրիայի խորհրդարանի անդամ Եորիս Բոշեթը:

Հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մասին, Արցախցիները խնդիր ունին վերականգնելու պատմական արդարութիւնը, չեղարկելու տասնամեակներ առաջ Լենինի եւ Ստալինի կամայականութեամբ գծուած սահմանները, կը կարծէ Եորիս Պոշեթը. «Ամէն պարագայի իմ կուսակցութիւնը, որ կեդրոնամէտ կուսակցութիւն է, կողմ է, որ կարգաւորումը ըլլայ երկխօսութեան միջոցով, խաղաղ ճանապարհով»: Այդ հարցով իր դերը կրնայ ունենալ նաեւ խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը: Ֆլանտրիայի խորհրդարանին մէջ պիտի գործէ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբ: «Կը նախատեսեմ աւելի աշխոյժ դեր խաղալ այդ բարեկամութեան խումբին մէջ եւ նախ ֆլամանական կառավարութեան, ապա նաեւ` պելճիքական կառավարութեան առջեւ խնդիր դնել աւելի աշխոյժ ներգրաւուելու այս տարածաշրջանին մէջ»,- Արցախի հետ կապուած իր ծրագիրները՝ պելճիքացի ծերակուտականը կը նախատեսէ սկսիլ: Չի ծածկեր: Եւրոպայի մէջ, շատ քաղաքական գործիչներ, Արցախի եւ հակամարտութեան մասին ունին բաւական աղօտ, յաճախ ալ սխալ պատկերացում: Կարեւոր կը գտնէ իրականութիւնը հնարաւորինս մեծ լսարանի ներկայացնելը: Խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը կարեւոր կը համարէ նաեւ այդ առումով. «Երկու խնդիր կայ: Առաջինը, շատ քաղաքական գործիչներ իսկապէս լաւ չեն պատկերացներ, թէ ինչ կը ներկայացնէ Արցախը եւ Արցախեան խնդիրը: Երկրորդը, շարք մը եւրոպական երկիրներ ունին ներքին խնդիրներ: Ըսենք` Սպանիան` պասկերու եւ քաթալոնացիներու հետ, Մեծ Բրիտանիան` սքոթլանտացիներու հետ, եւ այսպէս շարունակ: Մեր խնդիրն է ներկայացնել, որ Արցախի խնդիրը բոլորովին այլ է, բոլորովին այլ միջավայրի մէջ»:

Եորիս Բոշեթը Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի հրաւէրով Արցախ այցելած հերթական պելճիքացի պատգամաւորն է: Թէ ե՞րբ կրկին Արցախ պիտի այցելէ՝ դեռ չէ որոշած, բայց պիտի այցելէ: Կը կատակէ` արդէն Պաքուի սեւ ցուցակին մէջ եմ, այնպէս որ` այդ թեմայով ալ մտահոգուելու առիթ չունիմ:

Ստեփանակերտ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին