Կիրակի, 01. 02. 2026

spot_img

Հայաստանի Ռազմական Օդուժը 25 Տարեկան է. «Էրեբունի» Օդակայանին Մէջ Ցուցադրուեցան Բարձրագոյն Սաւառնորդութեան Հնարքներ

Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ուղղաթիռներն ու օդանաւերը Յունիս 26-ին թռիչքներ կատարեցին` երկնակամարին վրայ ցուցադրելով բարձրագոյն սաւառնորդութեան հնարքներ ու այլ հմտութիւններ:

ՀՀ զինուած ուժերու օդուժը, Հակաօդային պաշտպանութեան զօրքերու ու ռատիօ-ելեկտրոնային պայքարի ստորաբաժանումներու կազմաւորման 25-ամեակի առթիւ Երեւանի «Էրեբունի» օդակայանին մէջ օդաչուներն ու անկարգելորդները օդին մէջ պատկերեցին Հայոց եռագոյնը:

Տօնակատարութեան սկիզբը իրենց վարպետութիւնը օդին մէջ ցուցադրեցին հայ օդաչուները, որոնք ռազմական օդանաւերով եւ ուղղաթիռներով ցուցադրական թռիչքներ կատարեցին: Այնուհետեւ անկարգելներով երկինքէն վար իջան ԶՈՒ օդուժի վարչութեան որոնողափրկարարական եւ անկարգելութեան ծառայութեան մարտիկները:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, ջերմօրէն շնորհաւորելով նշուած ուժերու տօնը, ըսաւ որ սեփական զինուժ եւ ռազմական աւանդոյթներ ունեցող աշխարհի բոլոր ժողովուրդներու համար ռազմական օդուժը հպարտութեան եւ ոգեւորութեան աղբիւր է, ինչպէս նաեւ սեփական երկրի պաշտպանուածութեան, երկրի մարտունակութեան եւ հզօրութեան խորհրդանիշ:

Անոր խօսքով` հայկական ռազմական օդուժի տարեդարձը մեր զինուորական տօնացոյցին մէջ առանձնայատուկ եւ պատուաւոր տեղ կը գրաւէ: «Սա իւրատեսակ տօն է, որ առիթ է յետադարձ հայեացք նետելու, վերագնահատելու պատերազմի դժուար օրերուն ստեղծուած, հայկական օդուժի անցած ճանապարհը, արժեւորելու ունեցած ձեռքբերումները եւ սահմանելու նոր նշաձող առաւել նշանակալի ձեռքբերումներու հասնելու համար: Այս տօնը նաեւ մեր ամբողջ հասարակութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ այն մարդոց վրայ, որոնց ամէնօրեայ քրտնաջան աշխատանքի շնորհիւ կազմաւորուած է հայկական օդուժը»,- ըսած է Սարգսեան` մաղթելով խաղաղ երկինք, անսպառ եռանդ եւ շարունակական ձեռքբերումներ:

Նախարարին խօսքով` հայկական օդուժի մասին երբ խօսինք, անհնար է չյիշել զօրատեսակի նուիրեալները, թոշակի անցած, բայց իրենց աջակցութեամբ մեր կողքին մնացող վեթերանները, որոնք ջանք չեն խնայեր զօրատեսակի պատիւը բարձր պահելու համար: Սարգսեան նշած է, որ այս մարդոց, անոնց ղեկավարներու ու ընկերներու ջանքերուն շնորհիւ է, որ ստեղծուեցաւ ռազմական օդուժը սնող երակը` Մարշալ Արմենակ Խամփերեանցի անուան ռազմական օդուժի համալսարանը: Ան ընդգծեց, որ այժմ ռազմական օդուժի նուաճումներուն փոխանցիկ դրօշը երիտասարդներու ձեռքն է:

«Հպարտ եմ, որ համալսարանը կարելի է անուանել հետազօտական համալսարան, քանի որ այսօր այնտեղ նախագծուած եւ ստեղծուած սարքերը կը համալրեն մեր ԶՈՒ կարիքները: Յոյսով եւ հաւատքով կը սպասենք անոնց թարմ գաղափարներուն, որոնք ծնունդ կու տան զօրատեսակի նորանոր ձեռքբերումներուն»,- ըսած է Վիգէն Սարգսեան:

Նախարարը ՀՀ ԶՈՒ օդուժի կազմաւորման 25-ամեակի առիթով պատուոգիրներ եւ պարգեւներ յանձնած է անձնակազմին` ծառայողական պարտականութիւնները բարեխիղճ կատարելու համար:

ՀՀ Զինուած ուժերու կարեւորագոյն զօրատեսակներէն են օդուժի, ՀՕՊ եւ Ռադիօ-ելեկտրոնային պայքարի ուժերը: Զինուած ուժերու օդուժը կազմաւորուած է 1992-ին` հայկական բանակի կազմաւորմանը զուգընթաց:

Լուսանկարը` Մխիթար Խաչատրեանի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին