Ուրբաթ, 19. 09. 2025

spot_img

Հայ Աւետարանական Գոլէճի Մանկապարտէզի Հանդէս

Հայ Աւետարանական Գոլէճի 2016-2017 տարեշրջանի մանկապարտէզի հանդէսն ու ծաղիկ դասարանի վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցան Ուրբաթ, 16 Յունիս 2017-ին, Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ներկայութեամբ դպրոցի պատասխանատուներուն, ծնողաց եւ հիւրերու:

Հանդէսի բնաբանը՝ «Մենք մանուկներ ենք աշխարհի», կ’արտացոլար ընտրուած պարերուն, երգերուն եւ արտասանութիւններուն ընդմէջէն, որոնք ներկայացուեցան ծիլ, բողբոջ, կոկոն եւ ծաղիկ դասարաններու մանուկներուն կողմէ, մերթ՝ համարձակ, մերթ՝ ամօթխած արտայայտութիւններով: Որքա՜ն գեղեցիկ է տեսնել մեր մանուկները, որոնք գունագեղ տարազներով կը ներկայացնեն աշխարհի պարերն ու երգերը՝ խաղաղութեան ու բարեկամութեան կոչեր, վասն ապահով ու երջանիկ մանկութեան մը, որքա՜ն հոգեպարար է, երբ անոնց բերնէն կը լսենք սաղմոսերգուին փառաբանանքն ու աղօթքը առ Աստուած, որքա՜ն յուզիչ է, երբ մանուկ շուրթերէ կը հնչէ Ֆէյրուզի «խտնի ա’լա պլէտի»ն՝ լիբանանեան հայրենիքի հաւատարմութեան ուխտը, եւ որքա՜ն հպարտացնող՝ երբ անոնց հոգիներէն երդումի պէս կ’արձագանգէ «Հայաստան աշխարհ, դու մեր կարօտն ես…»ը:

Հանդէսի աւարտին, տնօրէն Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի եւ մանկապարտիզպանուհի Օրդ. Յասմիկ Թորոսեանի ձեռամբ վկայական ստացան Աւեսեան Վահանը, Գոճայեան Տարօնը, Կարապետեան Հրակը, Ղազարեան Ելենան, Ճոզիկեան Մարիան, Նոհրա Կապրիէլլան, Շերպեթճեան Սէրլին, Շեքերճեան Գայիանէն, Քէշիշեան Կասիան եւ Ֆերմանեան Ալիքը:

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ տնօրէնին փակման եւ շնորհաւորական խօսքով ու Վեր. Հրայր Չոլաքեանի օրհնութեան աղօթքով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին