Ուրբաթ, 19. 09. 2025

spot_img

100 Հազար Եւրօ Աջակցութիւն Սուրիաբնակ Հայերուն` «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամէն

Հակառակ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով յառաջացած աղէտալի պայմաններուն` այնտեղ կը շարունակեն հազարաւոր հայեր ապրիլ: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը պարբերաբար աջակցութիւն կը ցուցաբերէ թէ՛ անոնց, թէ՛ հայրենադարձ սուրիահայերուն: Յունիս 20-ին, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի յանձնախումբը սուրիաբնակ հայերուն 100 հազար եւրոյին համարժէք գումար նուիրաբերած է: Գումարին նուիրատուութիւնը իրականացած է Լիբանանի Անթիլիաս շրջանին տեղակայուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջոցով:

2012-2016 թուականներուն սուրիահայութեան աջակցութեան նպատակով Հիմնադրամին հանգանակած ընդհանուր գումարը կազմած է մօտ 396 միլիոն դրամ: Հասոյթին գերակշիռ մասը ձեւաւորուած է Հիմնադրամի Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի, Արժանթինի, Պրազիլի, Լիբանանի, Շուէտի, Հոլանտայի յանձնախումբերու` Հեռուստամարաթոն 2012-ի եւ 2013-ի ծիրէն ներս հաւաքագրուած գումարներէն: Հայաստանի մէջ հանգանակութիւնները ուղղուած են բազմաբնոյթ ծրագիրներու իրականացման. սուրիահայերը Հայաստան տեղափոխելու նպատակով գործարկուած է չուրթերային 2 չուերթ, փոխհատուցուած է 120 սուրիահայ ուսանողի ուսման վարձը, 39 սուրիահայի սրտի վիրահատութեան գումարը, 19 ընտանիքի բուժման ծախսերը: Սուրիոյ մէջ հանգանակութիւններու միջոցով՝ փոխհատուցուած է Հալէպի հայկական վարժարաններու ուսուցիչներու աշխատավարձը, որուն շնորհիւ՝ վարժարանները պատերազմական ծանրագոյն պայմաններուն մէջ կը շարունակեն մինչ օրս աշխատիլ: Ըստ իրավիճակի անհրաժեշտութեան` սուրիաբնակ հայերու համար կատարուած են շարք մը այլ օժանդակ ծրագիրներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին