Հայաստան-Հնդկաստան համագործակցութեան ծիրին մէջ Վայոց Ձորի մարզի բոլոր 50 դպրոցները նոր համակարգիչներով եւ տպագրիչներով յագեցած սենեակներ պիտի ունենան:
Հայաստան համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան յայտնեց, որ 2009-էն ի վեր Հնդկաստանի կառավարութիւնը միջոցներ կը յատկացնէ Հայաստանի տարբեր մարզերու դպրոցներուն: Այս ուսումնական տարուան սկզիբէն շուրջ 7000 երեխայ պիտի կարենայ օգտուիլ նորագոյն համակարգիչներով յագեցած սենեակներէն եւ աշխատիլ համակարգչային տարբեր ծրագիրներով:
Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան յայտնեց, որ Հայաստանի դպրոցներուն մէջ կայ համակարգչային գոյքի թարմացման խնդիր:
«Հնդկաստանի հետ նոր ծրագրեր ունենք, բարձրաստիճան պաշտօնեաների այցեր եղան, եւ մենք յոյս ունենք, որ համագործակցութիւնը կրթութեան ոլորտում նոյնպէս կը շարունակենք», նշեց նախարար Մկրտչեան:
Հայաստանի մօտ Հնդկաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Եոկեշվար Սանկվա նշեց, որ Վայոց Ձորի մարզի կրթական ծրագիրով ստեղծուող համակարգչային դասարաններու պիւտճէն 500,000 տոլար կը կազմէ:
«Հնդկաստան եւ Հայաստան կը համագործակցին արդէն շատ երկար տարիներէ ի վեր՝ քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ: Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի դեսպանութեան միջոցով մեր կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր աջակցութիւնը կրթական ոլորտին մէջ», նշեց դեսպանը: