*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի աշխատակից
Մեր երբեմնի դասընկեր, բնածին երգիծանքի ու երաժշտութեան տաղանդ Յարութ Սողոմոնեան փառաւոր վերադարձ մը ունեցաւ դէպի իր ծննդավայրը…։ Կիրակի 11 Յունիս 2017-ի երեկոյեան, Պուրճ Համմուտի Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ «ասեղ գցելու» տեղ չկար…։ Եկած էին քաղաքական թէ ազգային, մշակոյթի գործիչներ, նոյնիսկ այժմ «ամերիկահայ» դարձած նշանաւոր երգիչ Ատիս Հարմանտեան։ Բոլորն ալ եկած էին դիտելու սփիւռքահայ համբաւաւոր զուարճախօս Յարութ Սողոմոնեանի ելոյթը, որ կարելի է համարել եզակի երեւոյթ, իր այնքան նման Պէյրութի «Պուրճ Համմուտ»եան ու Լոս Անճելըս «Կլենտէյլ»ի հայկական նոր «Բաբելոն»ի բարբառով, քիչ մը «վրան բաց» ակնարկներով, բազմալեզու կապկանքով (չինարէնի, ճափոներէնի, քորէական թէ ֆիլիփինեան լեզուներու, վիեթնամական «բարբառի»), որոնք ծիծաղի անվերջանալի ալիքներով պատեցին հանդիսասրահը։
Ամբողջ երկու ժամ, Յարութ Սողոմոնեանի սլաքներէն անմասն չմնացին սփիւռքահայ նշանաւոր երգիչներ, նաեւ իր իսկ 80-ական թուականներուն յօրինած երգը, որ կատարեց կիթառի ընկերակցութեամբ։ Որոտընդոստ ծափահարութիւններ եւ ապա ջերմագին շնորհաւորանքներ այս բազմատաղանդ արուեստագէտին, որ խոստացաւ յաջորդ տարի նոր ծրագիրով դարձեալ ելոյթ ունենալ իր ծննդավայր Լիբանանի մէջ՝ 30 տարուան բացակայութենէ ետք։