*ԶՕՀՐԱՊ ՏԷՕՔՄԷՃԵԱՆ *
«Զարթօնք»ի աշխատակից
Քանի մը ամիս առաջ առիթը ունեցայ լիբանանեան պատերազմին (1975-1990) նախորդած տարիներուն Պէյրութի մէջ լոյս տեսած «ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՀԱՅ» երկշաբաթաթերթի 1972 եւ 1973 տարիներու հաւաքածոները աչքէ անցընել, ուր հանդիպեցայ կամ վերյիշեցի գրութիւններ ու դէպքեր, որոնք լոյս տեսած կամ պատահած էին այդ տարիներուն ըլլա՛յ Հայաստանի եւ ըլլայ Լիբանանի մէջ: Կը փափաքիմ անոնցմէ քանի մը օրինակ ներկայացնել ընթերցողներէն մանաւանդ անոնց, որոնք ապրած են կամ կը յիշեն այդ պատահարները:
Նախ խօսինք «Երիտասարդ Հայ»-ի մասին: Երկշաբաթաթերթի եւ ամսաթերթի դրութեամբ հրատարակուած այս թերթը՝ «Երիտասարդ Հայուհի» անուան տակ, ունէր իր հիմնադիրն ու խմբագիրը, որ Պոլսոյ մէջ ապրած մեր անուանի գրողներէն, 30 տարեկանին (4 Յունուար 1894-9 Ապրիլ 1924) մահացած Մատթէոս Զարիֆեանի քոյրը՝ Սիրան Սեզան էր:
Բուն անունով Սիրան Զարիֆեան Քիւփէլեան ծնած էր Պոլիս, 1903-ին, եւ մահացած Պէյրութ, 1973-ին, 70 տարեկան հասակին: Արձակագիր, հրապարակախօս եւ խմբագիր, ան երկու շրջանով (1932-1934 եւ 1947-1968) Պէյրութի մէջ հիմնած ու խմբագրած էր «Երիտասարդ Հայուհի» հանդէսը: Ա. շրջանին թերթին աշխատակցած են միայն տղամարդիկ, իսկ, Բ. շրջանին՝ նաեւ կանայք:
1966-ին, յայտնի գրագէտ Վահէ Վահեանին հետ կազմած ու խմբագրած է Մ. Զարիֆեանի «Ամբողջական Գործեր» ստուար հատորը: Իր մշակութային եւ դաստիարակչական գործունէութեան առ ի գնահատանք, 1967-ին լիբանանեան կառավարութիւնը Սիրան Սեզան պարգեւատրած է «Արժանեաց կարգ»-ի շքանշանով:
1969-ի կէսերուն, Ս. Սեզային հետ բանակցութիւններէ եւ համաձայնութենէ ետք, խումբ մը երիտասարդ մտաւորականներ ձեռք կը ձգեն «Երիտասարդ Հայուհի»-ի արտօնագիրը, եւ այդ հիման վրայ 27 Դեկտեմբեր 1969ին լոյս կը տեսնէ նոր երկշաբաթերթի մը՝ «Երիտասարդ Հայ» անուան տակ, անդրանիկ թիւը ամերիկեան «Թայմ», «Նիւզուիք» եւ ֆրանսական «Էքսփրէս» թերթերուն ձեւով:
Քանի մը ակամայ կաղացումներէ ետք, 1975-ի Ապրիլին առաջին ազդանշանը տրուած լիբանանեան 15-ամեայ պատերազմը սկսելէն առաջ, «Երիտասարդ Հայ»-ի հրատարակիչները, նիւթական թէ այլ պատճառներով, կը դադրեցնեն անոր հրատարակութիւնը, որ տեւեց շուրջ հինգ տարի:
Վերադառնալով մեր յօդուածին սկիզբը նշուած գրութիւններուն եւ դէպքերուն, կը ներկայացնենք երկու լուրեր, առնչուած հայրենի ֆութպոլին հետ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան կեանքին հետ կապուած երկու յայտարարութիւններ, որոնք շատ հաւանաբար ծիծաղով ընդունուին ընթերցողներուն կողմէ:
Անմոռանալի Խօսնակը
«Ե. Հ.», թիւ 51, 11-25 Մարտ 1972, էջ 23.
Հայրենիքի մէջ ծանօթ էր ան ամէնքին: Ամէն անգամ որ հայրենի ԱՐԱՐԱՏ ֆութպոլի խումբը մրցում կ’ունենար, Երեւանի հեռատեսիլէն ու ձայնասփիւռէն հարիւր հազարաւոր մարդիկ կը խանդավառուէին, կը ցաւէին նաեւ, նայած թէ խաղավայրին վրայ գտնուող խօսնակը ի՛նչ ոճով ու ինչպիսի ձեւով կ’արտայայտուէր: Համակ եռանդ էր ու կեանք: Ֆութպոլի սիրահար, թերեւս ֆութպոլի «խենթ» արտայայտութիւնը լաւագոյնս կը յարմարի անոր: Հայրենի ֆութպոլը, մանաւանդ ԱՐԱՐԱՏը առանց անոր կարելի չէր պատկերացնել: Արտասահմանի համար տրուող հաղորդումներու մէջ, ֆութպոլի մրցումներու կենդանի նկարագրականներու գծով, անոր ձայնը ծանօթ էր նաեւ Սփիւռքի մէջ:
Ան կը կոչուէր Լեւոն Դանիէլեան, ասպարէզով վիրաբոյժ, սակայն կոչումով՝ ֆութպոլի խօսնակ: Չկայ ան այսօր: Հարիւր հազարաւոր մարզասէրներ այլեւս պիտի չլսեն անոր խանդավառ ու լիահագագ «կո՛լ, կո՛լ, կո՛լ»երը: Կոկորդի անբուժելի հիւանդութեան զոհ, մինչեւ վերջ պատնէշի վրայ մնացած այս ֆութպոլի «խենթ»ը մարզասէրներու յիշողութեան մէջ պիտի քանդակուած մնայ:
Ֆուրման Աբրահամեան
«Ե. Հ.», թիւ 57, 19 Օգոստոս 1972, էջ 14.
Երբ Օգոստոս 9-ին ԱՐԱՐԱՏի ֆութպոլիստները Հրազդան մարզադաշտին վրայ ճակատելու իջան Մինսքի ՏԻՆԱՄՕ-ին դէմ, հայ մարզիկներու շարքէն կը պակսէր պաշտպան Ֆուրման Աբրահամեանը: Մարզասէրներու հոծ բազմութիւնը, ինչպէս նաեւ զոյգ խումբերուն մարզիկները, նախքան խաղին սկիզբը, յարգանքի իրենց տուրքը մատուցանեցին անդարձ մեկնած, ԱՐԱՐԱՏի վերջին 7 տարիներու կորովի յետսապահին:
Ինքնաշարժի ահաւոր արկած մը, քանի մը օր առաջ պատճառ կը դառնար պաշտպան Ֆ. Աբրահամեանի եւ անոր ընկերակցող երկու երիտասարդներու մահուան:
Լենինական ծնած 1943-ին, պատանեկան տարիքէն կը նուիրուի սփորին: Ֆութպոլիստի յատկութիւնները իր մէջ կը զարգանան արագօրէն, ՇԻՐԱԿ խումբէն ներս: Վերջին 7 տարիներուն կը հանդիսանար ԱՐԱՐԱՏի պաշտպանութեան կազմակերպիչն ու ոգին: Համարձակ ու տոկուն խաղարկութիւնը, աթլեթիք կազմուածքը զայն դարձուցած էին խումբին սիւներէն եւ բոլորին սիրելին: Անոր ներկայութիւնը վստահութիւն կը ներշնչէր իր խաղընկերներուն: ԱՐԱՐԱՏի վերջին տարիներու յաջողութիւններուն մէջ անոր բաժինը եղաւ կարեւոր:
Կ’ուզուի
Թերթի 24 Յունիս 1972, 54-րդ թիւի 21-րդ էջով, Կ’ուզուի
խորագիրով տրուած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.
Ատամնաբոյժի մօտ աշխատող օրիորդ մը: Սահուն անգլերէնը անհրաժեշտ է: Սկզբնական վճարում՝ 200 լ. ոսկի:
Կայ նաեւ հեռաձայնի թիւ մը, դիմումի համար:
Վիրաբուժական Գործողութիւն՝
20,000 Լիբ. Ոսկիի Դիմաց
«Երիտասարդ Հայ»-ի 71-րդ թիւին մէջ, 10 Մարտ 1973 թուակիր, 9-րդ էջով տրուած է մարդասիրական բնոյթի հետեւեալ յայտարարութիւնը.
Ապպուտ Ժոզէֆ Սապա՛, 28 տարու երիտասարդ մըն է, որուն կեանքը վտանգուած է երիկամունքի խանգարման պատճառով: Այժմ, Պարպիր հիւանդանոցին մէջ կը խնամուի արուեստական երիկամունքի միջոցով: Երիտասարդին կեանքը փրկելու համար կենսական է անմիջական գործողութիւն մը: Մայրը պատրաստ է երիկամներէն մին տալու զաւակին: Թրատ հիւանդանոցին մէջ երեք հերթով կայանալիք գործողութեան ծախսերը կը գնահատուին 20 ՀԱԶԱՐ Լ. ՈՍԿԻ:
Եթէ կ’ուզէք փրկել կեանք մը, ձեր նուիրատուութիւնները կատարեցէք հետեւեալ հասցէով…, եւ տրուած է նուիրատուութեան կեդրոններու հասցէները: