*ՅՈՎԻԿ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ*
Անձնապէս բաւական հետաքրքրուած եմ, նաեւ գիտակից ըլլալով համաշխարհային կամ շրջանային լրատուական հարցերուն՝ հակառակ տեղական թէ միջազգային «ստեղծագործութեան», տակաւին կը խորհիմ, թէ կը մնամ «անգիտակից» լրատուական իրադարձութիւններու յայտարարութիւններէն՝ կարենալ տալու յստակ կեցուածք, արդեօք եղելութիւնները «Տեռո՞ր» են, թէ «շրջանային, կրօնական»… Հակառակ անոր, որ յայտարարուած «պատճառաբանութիւնները» կը շեշտեն «իսլամական բնոյթ», անշուշտ առանց հաստատելու բնոյթին լրջութիւնը…
Ինչո՞ւ…
Ինչո՞ւ այս բոլոր «անօրէն շեշտարկումները» պիտի գան պղծելու կրօնները եւ անոնց իսկական մարդկային համարումները… Իսլամական կրօնքը «գիւտ» չէ եւ երբեք չէ ներմուծուած այլ մոլորակներէ, այլ երկնային ուրիշ կրօններու կողքին ունեցած է միշտ մարդկային բարի նպատակ, պայմաններ եւ ուղղութիւններ։ Ինչպէս քրիստոնէութիւնը, իսլամութիւնը նոյնպէս մարդկային երկխօսութեան կրօնք է մեր մոլորակին վրայ, ուր մարդկային ամբողջական իրաւունքները եւ խաղաղութիւնը՝ իր ծիրէն ներս կը համարուին մարդկային առաջնահերթ կարեւորութիւններ ու կրօնական մոլեռանդութեամբ շարժառիթ, որպէսզի կարենայ միայն ճամբայ բանալ յաւելեալ ընկերային եւ կրօնական խնդիրներու՝ նկատի առնելով անոնց հիմնական «պատճառաբանութիւնները», միջազգային «հետաքրքրութիւնները» եւ կամ քաղաքական «ներմուծումները»…
Դժբախտաբար, քաղաքական առաջնահերթութիւններուն դիմաց, ըստ երեւոյթին, քրիստոնեայ կամ իսլամ «քաղաքական պատկանելիութիւնները» այդքան ալ առաջնահերթ չեն համարեր կրօնական հաւատարմութիւնը, քաղաքական շահեկան վերջաբաններու դիմաց եւ գրեթէ մոռցած են «Աստուածային խաղաղութիւնը»՝ ի դէմս «անհատական խաղաղութիւններու» եւ ի հարկէ որոշումները կը դառնան անձնական եւ ոչ անպայման ժողովրդային…
Գիտակցելով մարդկային պատասխանատուութեանց, բոլոր կրօններու հաւատարիմ հետեւողները կը պարտադրեն միջ-կրօնական յարգանք՝ վերջնական ջնջելով թշնամական մարդկային զգացումները…
Ըլլան Իրաք, Եգիպտոս, Սուրիա, Լիբանան եւ բոլոր արաբական երկիրները, պետութիւնները, անոնք պիտի հզօրացնեն իրենց ԱԶԳԱՅԻՆ պատկանելիութիւնները, ի դէմս կրօնական եւ համայնքային պիտակներու՝ հաւատարիմ մնալով մէկ Աստուծոյ, առանց «ստեղծելու» անհատական երկնային ՇԻՆԾՈՒ ներկայացուցիչներ…






