*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Ապրիլեան պատերազմէն ետք էական փոփոխութիւններ չկան ո՛չ առաջնագիծի, ո՛չ ալ առաջնագիծէն հեռու. Ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հեռանկարը չ’ուրուագծուիր, Պաքուն ռազմական հռետորաբանութենէն չի հրաժարիր, առաջնագիծի վրայ սադրաքներէն` եւս: Անոր զսպողը՝ ինչպէս մէկ տարի առաջ՝ այսօր ալ հայկական զինուած ուժերն են եւ ոչ թէ միջազգային պարտաւորութիւնները: ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահներու տարածաշրջանային հերթական այցէն ետք գնահատած են քաղաքագէտները՝ Ստեփանակերտէն եւ Երեւանէն:
Ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ խոշոր հաշուով բան մը փոխուած չէ: Լարուածութեան աճի հաւանականութիւնը կար մինչեւ Ապրիլեան պատերազմը, կայ նաեւ այսօր: ՀՀ ԱԺ Կարէն Պէքարեան դեղատոմսը կը համարէ զգօնութիւնը պահպանելը` բոլոր մակարդակներու վրայ: Մինսկի խմբակի համանախագահները՝ յետապրիլեան շրջանին, իրենց առաջին խնդիրը կը համարեն լարուածութեան յետագայ աճը կասեցնելը: Մինչեւ վերջերս ատիկա կը փորձէին ընել հակամարտութեան բոլոր կողմերուն ուղղուած՝ ըստ էութեան, անհասցէ յայտարարութիւններով ու կոչերով: Նախքան տարածաշրջան այցելելը, համանախագահներուն վերջին յայտարարութիւնը առանձնացաւ այդ ընդհանուր հարթութենէն. մատնանշուեցաւ յստակ դէպք, նշուեցաւ, թէ ով սկսած է եւ ով` պատասխանած: «Ասիկա պէտք էր, դեռ աւելին՝ ասիկա ուշացած էր: Եթէ համանախագահները, իսկ խոշոր հաշուով, միջազգային հանրութիւնը ժամանակին արձագանգէր Պաքուի սադրանքներուն, Ազրպէյճանը այդքան սանձարձակ չէր դառնար»,- կը գնահատէ Կարէն Պէքարեանը: Պատգամաւորի համոզումով, յայտարարութիւնները արդէն անհամաչափ արձագանգն են զարգացումներուն. Պաքուի նկատմամբ ազդեցութեան աւելի շօշափելի միջոցներ կիրառելու ժամանակը շատոնց հասունցած է: Կարծես ոչ պատահաբար, միջնորդներու, Երեւան եւ Ստեփանակերտ կատարած այցերէն ետք եւ Պաքու կատարած այցէն առաջ, սահմանագծի վրայ արձանագրուեցան հերթական միջադէպերը: Արցախի պաշտպանութեան բանակը տեղեկատուութիւն տարածեց կորուստներու մասին: «Ազրպէյճանի այս պահուածքին գինը հայ զինուորը վճարեց եւ մենք կը սգանք անոր համար, սակայն Պաքուի նման վերաբերմունքը հարուած է առաջին հերթին միջնորդներուն՝ ամենաբարձր մակարդակով, եւ անոնք ուղղակի պարտաւոր են արձագանգելու, հասցէական յայտարարութեամբ հանդէս գալու, թէ ոչ՝ Պաքուն կրնայ միջազգային հանրութեան պարզապէս ծաղրի ենթարկել»,- իրավիճակը գնահատած է Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան ղեկավար Դաւիթ Բաբայեանը: Պաքու կատարած այցէն ետք, Յունիս 19-ին համանախագահները տարածեցին համատեղ յայտարարութիւնը: Ցանկութեան պարագային կարելի է ըսել, որ իրավիճակը չսրելու կոչը Ազրպէյճանին առանձին եղած է, աւելի ընդգծուած: Սակայն, նոյնիսկ ամենամեծ ցանկութեան պարագային իսկ դժուար է պատկերացնել, թէ միայն ատիկա սադրանքներէն ետ պիտի պահէ Պաքուն: Կարէն Պէքարեանի համոզումով՝ առկայ իրավիճակը հիմք կու տայ պնդելու, որ կարգաւորման գործընթացը այս պահուն առաջընթացի տարրական պայմաններ չունի. «Նախ, եթէ սահմանին կը կրակեն՝ ոչ-ոք կրնայ ըսել, թէ կարելի է լրջօրէն խօսիլ խաղաղ կարգաւորման մասին, երկրորդ՝ Ազրպէյճանի մէջ պետական մակարդակով կը շարունակուի հակահայկական քարոզչութիւնը, երրորդ, չկայ նաեւ հիմքը՝ ժողովրդական դիւանագիտութեան գոնէ նշոյլներ, որոնք թոյլ պիտի տան հիմքեր նախապատրաստելու հաշտեցման համար»: Իսկ խախտումներու համար Ազրպէյճանը պատժելու առաքելութիւնը ստանձնած է Պաշտպանութեան բանակը: Ազրպէյճանական ոչ պաշտօնական աղբիւրները արդէն կը գրեն իրենց բանակին կրած նոր կորուստներուն մասին: Այլ խօսքով՝ ուժին կրկին ուժով կը հակադրուի եւ ատիկա կը մնայ այս պահուն միակ գործող կառուցակազմը: Իսկ քաղաքական կարգաւորման հեռանկարը կը դառնայ աւելի անորոշ:
Փոխարէնը, Կարէն Պեքարեանի համոզումով, Ապրիլեան պատերազմէն ետք եւ այսօր շարունակուող զարգացումներուն հաշուարկով` անկախ Արցախի գոյութեան փաստը միջազգային հանրութեան համար եթէ ոչ ընդունելի՝ առնուազն ընկալելի դարձած է: Ասիկա այն հիմքն է, որուն վրայ Արցախի միջազգային ճանաչման ուղղուած ջանքերը կրնան առաւել արդիւնաւէտ դառնալ:
Ստեփանակերտ






