Երբ հակառակորդը սանձելու համար կ’իրականացուին պատժիչ գործողութիւններ, անոնց հետեւանքներուն ցաւոտ ըլլալը երկար սպասեցնել չի տար իրենց: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Արցախի ՊԲ-ն:
Անդրադառնալով Ազրպէյճանի ՊՆ-ի այսօրուան տարածած հաղորդագրութեան, թէ իբր կանխուած է յարձակողական ներթափանցման փորձ եւ գերեվարուած է մէկ հայ զինծառայող, կը նշուի որ ատիկա հերթական ապատեղեկատուութիւնն է:
«Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ պաշտպանութեան բանակը նման բնոյթի գործողութիւն չէ իրականացուցած: Աւելին, երբ հակառակորդը սանձելու համար կ’իրականացուին պատժիչ գործողութիւններ, անոնց հետեւանքներուն ցաւոտ ըլլալը իրենց երկար սպասեցնել չի տար: Պարզապէս նման բովանդակութեամբ հաղորդագրութիւն տարածելով, հակառակորդի զինուժը հերթական «յաղթանակ»-ը արձանագրած է վերացական ձեւով եւ փորձած ցանկալին ներկայացնել իրականութեան փոխարէն»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:






