Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերթական ապատեղեկատուութիւնը տարածած է հայկական զինուած ուժերուն կողմէ յարձակում իրականացնելու վերաբերեալ:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնած է, որ տեղեկութիւնը՝ յարձակման եւ առաւել եւս զինծառայողի գերեվարելու վերաբերեալ, չի համապատասխաներ իրականութեան:
«Ազրպէյճանի ՊՆ-ն ապատեղեկատուութիւն տարածած է: Հայկական զինուած ուժերը որեւէ յարձակում չեն իրականացուցած, առաւել եւս ոեւէ զինծառայող չեն կորսնցուցած»,- դիմատետրի իր էջին գրած է Յովհաննիսեանը: