Շաբաթ, 31. 01. 2026

spot_img

Հակառակորդը Սանձելու Համար Իրականացուող Պատժիչ Գործողութիւնները Ցաւոտ Կ’ըլլան. Արցախի ՊԲ

Երբ հակառակորդը սանձելու համար կ’իրականացուին պատժիչ գործողութիւններ, անոնց հետեւանքներուն ցաւոտ ըլլալը երկար սպասեցնել չի տար իրենց: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Արցախի ՊԲ-ն:

Անդրադառնալով Ազրպէյճանի ՊՆ-ի այսօրուան տարածած հաղորդագրութեան, թէ իբր կանխուած է յարձակողական ներթափանցման փորձ եւ գերեվարուած է մէկ հայ զինծառայող, կը նշուի որ ատիկա հերթական ապատեղեկատուութիւնն է:

«Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ պաշտպանութեան բանակը նման բնոյթի գործողութիւն չէ իրականացուցած: Աւելին, երբ հակառակորդը սանձելու համար կ’իրականացուին պատժիչ գործողութիւններ, անոնց հետեւանքներուն ցաւոտ ըլլալը իրենց երկար սպասեցնել  չի տար: Պարզապէս նման բովանդակութեամբ հաղորդագրութիւն տարածելով, հակառակորդի զինուժը հերթական «յաղթանակ»-ը արձանագրած է վերացական ձեւով եւ փորձած ցանկալին ներկայացնել իրականութեան փոխարէն»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին