Հայաստանի մէջ ծնելիութիւնը կը նուազի, մահացութիւնը կ՛աւելցնայ, որոնց զուգահեռ կ՛աճի նաեւ արտագաղթը: Այս մասին Յունիս 17-ին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է «Վերադարձ եւ պաշտպանութիւն» ընկերա-իրաւական հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Տաթեւիկ Բեժանեան, կը հաղորդէ «Փանորամա»-ն:
Ըստ անոր` տեղաշարժի մասին հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ տեղաշարժի մէջ մեծ տոկոս կը կազմէ երկարաժամկէտ աշխատանքի համար մեկնողներուն եւ անվերադարձ մեկնողներուն թիւը: Ի դէպ, գաղթի տարիքը 18-54 տարեկանն է, այսինքն` վերարտադրողական տարիքը:
«Մեկնողներուն 77 տոկոսը տղամարդիկ են: Եթէ հաշուի առնենք նաեւ այն, որ սեռով պայմանաւորուած արհեստական ընդհատումներու պատճառով աղջիկներուն թիւը նուազած է, իսկ գաղթի գործընթացներուն մէջ ընդգրկուածներուն մեծ մասը տղամարդիկ են, ապա ունինք սեռատարիքային յարաբերակցութեան կտրուկ խախտում»,- ըսած է ան:
Տաթեւիկ Բեժանեանի խօսքերով` մինչեւ 2015-ը երկարաժամկէտ եւ մշտական մեկնողներուն թիւը 35 հազար էր, մինչդեռ 2016-ին Հայաստանէն մեկնած է 37 հազար մարդ, որմէ 47 տոկոսը կը կազմեն աշխատանքի համար մեկնողները, 53 տոկոսը` անվերադարձ մեկնողները:
Ան նաեւ ըսած է, որ բարձրագոյն կրթութիւն, բարձր որակաւորում ունեցող մասնագէտներու արտահոսքի միտում կը նկատուի. «Կանխատեսումները, ցաւօք սրտի, յուսադրող չեն: Հետազօտութիւններու արդիւնքները ցոյց կու տան, որ հնարաւոր է կրկնուի 90-ականներու սկիզբի իրականութիւնը, այսինքն` ուղեղներու արտահոսք: Իսկ ատիկա լրջագոյն խնդիր է մեր երկրին համար»:
Միաժամանակ, բանախօսը նշած է, որ 2016-ին գաղթի հոսքերը նուազած են, հիմնականօրէն նուազած է կարճաժամկէտ աշխատանքի մեկնողներուն թիւը: Ըստ Տաթեւիկ Բեժանեանի` ատոր պատճառը ոչ թէ Հայաստանի ընկերա-տնտեսական վիճակի բարելաւումն է, այլ՝ Ռուսիոյ տնտեսութեան թուլացումը:
«Պէտք է նշենք, որ աշխատանքի մեկնողներուն մօտ աւելցած է աղքատութեան տոկոսը: Մեր քաղաքացիներէն մաս մը աշխատելու նպատակով արտերկիր կը մեկնի պարտքով, բայց յաջողութեան չհասնելով, այդ պարտքին կը գումարուի նաեւ վերադառնալու ծախսը: Իբրեւ արդիւնքաղքատութեան տոկոսը այդ մարդոց մօտ կ՛աւելնայ»,- նշած է ան:
Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ նուազած են նաեւ դրամական փոխանցումները. եթէ 2015-ին փոխանցումները կազմած են 224,8 միլիոն տոլար, ապա 2016-ին` 201,1 միլիոն:
«Այսինքն` գաղթը, որպէս նիւթական վիճակի բարելաւման գործօն, սկսած է տկարանալ»,-ընդգծած «Վերադարձ եւ պաշտպանութիւն» ընկերա-իրաւական հասարակական կազմակերպութեան նախագահը:






