Շաբաթ, 31. 01. 2026

spot_img

Հայաստան Կ’ակնկալէ Եւրոմիութեան Անդամներու «Յստակ Աջակցութիւնը»

Հայաստան կ’ակնկալէ Եւրոպական Միութեան անդամ-պետութիւններու «յստակ աջակցութիւնը» մուտքի արտօնագրի ազատականացման շուրջ երկխօսութեան մեկնարկի հարցով, ըստ Մեդիամաքսի,  ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան` Յունիս 19-ին Լիւքսեմպուրկի   իր ելոյթին մէջ Արեւելեան գործընկերութեան նախարարական հանդիպման ժամանակ:

«Համեմատաբար կարճ ժամանակի մէջ մենք կրցանք աւարտել Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւնները: Բնագիրը նախաստորագրուած է, եւ կ’ակնկալենք զայն ստորագրել գալիք գագաթնաժողովի ընթացքին:

«Գրեթէ զուգահեռաբար քննարկեցինք եւ համաձայնութեան եկանք 2017-2020-ի գործընկերութեան առաջնահերթութիւններու շուրջ: Այս երկու կարեւոր փաստաթուղթերը պիտի առաջնորդեն Հայաստան-ԵՄ գործընկերութիւնը յառաջիկայ տարիներուն եւ պիտի օգնեն մեզի ամրապնդելու մեր փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը»,- ըսած է նախարարը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին