Յունիս 19-ին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագրի 2017-ի առաջին փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն կը մասնակցին 163 սփիւռքահայ պատանի ու աղջիկ 7 երկրէ` Ռուսիայէն, Ուքրանիայէն, Վրաստանէն, Ղազախստանէն, Գանատայէն, Քուէյթէն, Սուրիայէն եւ Ֆրանսայէն:
Մինչ այդ, Ապրիլ 10-20-ին, «Արի տուն» ծրագրի յատուկ փուլով Հայաստան այցելած էին 66 պատանի ու աղջիկ Ֆրանսայի Ալֆորուիլ քաղաքի «Ս. Մեսրոպ Արապեան», Փարիզի «Դպրոցասէր» եւ Մարսէյլի «Համազգային» վարժարաններէն` 10 ուսուցիչի ուղեկցութեամբ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որ ըսաւ. «Սիրելի՛ արիտունցիներ, բարով եկած էք Հայրենիք: Շնորհակալ ենք ձեր ծնողներուն, ուսուցիչներուն, որոնք վստահեցան եւ Հայաստան ուղարկեցին ձեզ` մասնակցելու հայրենաճանաչութեան այս լաւագոյն ծրագրին: Հիւրընկալ ընտանիքներուն մէջ 9 եւ ճամբարային 5 օրերու ընթացքին դուք պիտի այցելէք Հայաստանի պատմական ու տեսարժան վայրեր, թանգարաններ, հանդիպումներ պիտի ունենաք պետական, հասարակական, մշակութային գործիչներու հետ: Հայաստանի մէջ սորվեցէք, կատարելագործեցէք Ձեր Մայրենին եւ յիշեցէք, որ միայն լաւ մարդ եւ մրցունակ մասնագէտներ դառնալով կրնաք ստեղծել ձեր արժանապատիւ ապագան եւ ձեր լուման ներդնել Հայրենիքի շէնացման գործին»:
ՀՀ Սփիւռքի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց պատկան գերատեսչութիւններու եւ համայնքային ծառայութիւններուն` «Արի տուն» ծրագրի մասնակիցներուն Հայաստանի մէջ յաւուր պատշաճի ընդունելու, տեղաւորելու, անոնց անվտանգութիւնն ու ժամանցը կազմակերպելու համար:
Այնուհետեւ նախարարը աւանդոյթի համաձայն «Արի տուն» ծրագրի տարբերանշանով շապիկը հագցուց ծրագրի ամենակրտսեր մասնակիցին` Քուէյթի ազգային վարժարանի սան Ապութ Ղտէին: