Հայաստանի երգահաններու միութիւնը եւ Փարիզի «Արարատ» գիտութեան միջազգային ակադեմիան, Յունիս 15-17 իրականացուցին «Առաջաւոր Ասիոյ երաժշտական ազգաբանութիւն» խորագիրով միջազգային գիտաժողով-փառատօն:
Հայաստանի երգահաններու միութեան փոխանցած տեղեկութիւններով, գիտաժողով-փառատօնի բացման, ելոյթներով հանդէս եկան Մեծ Կովկասէն եւ հարեւան տարածաշրջաններէն երաժշտագէտներ: Գիտաժողովէն ետք կայացաւ համերգ, որուն մասնակցեցան Հայաստանի 11 ազգային փոքրամասնութիւններու երաժշտախումբեր: Գիտաժողովի մասնակիցները յաջորդ օրը, դարձեալ Միութեան դահլիճին մէջ, հանդէս եկան զեկոյցներով, այցելեցին Հայաստանի թանգարաններ: Եռօրեայ գիտաժողով-փառատօնը եզրափակեց իր գործունէութիւնը Յունիս 17-ին` կլոր սեղան քննարկումով:
Միջազգային այս նախագիծին մասնակցեցան հայ եւ օտար երաժշտագէտներ եւ երաժիշտներ: