Քանի մը օր է, որ սկսած է Ախալցխայի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մուտքի զանգակատան կառուցման գործընթացը: Ըստ «Akhaltskha.net»-ի՝ ներկայ պահուն կազմաքանդուած են մուտքի աստիճանները եւ երկաթէ ճաղերէն կազմուած պատշգամբի նման շինութիւնը, որ օտար էր եկեղեցւոյ ճարտարապետութեան համար:
Ախալցխայի հոգեւոր տեսչութեան յայտարարութեան համաձայն՝ իւրաքանչիւր մարդ, որ կը փափաքի օգտակար ըլլալ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մուտքի զանգակատան կառուցման, կրնայ դիմել հոգեւոր տեսչութեան: