Հինգշաբթի, 18. 09. 2025

spot_img

Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանը Իր Յարկին Ներքեւ Համախմբեց Միջնակարգի Շրջանաւարտները

Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանը 6 տարի ամայացած մնալէ ետք միացաւ իր զաւակներուն եւ իր յարկին ներքեւ համախմբեց միջնակարգի շրջանաւարտ հունձքը:

Շաբաթ, 17 Յունիս 2017-ի երեկոյեան, Ճեմարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ միջնակարգի աւարտական հանդէսը, կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։

Յայտագիրին ընդմէջէն շրջանաւարտները անդրադարձան վարժարանի 70-ամեակին, ճեմարան վերադարձի բարեբաստիկ առիթին, Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ 2017 տարին «Վերանորոգումի Տարի» հռչակուելու խորհուրդին, դպրոցական իրենց առօրեային եւ Ճեմարանի առաքելութեան:

Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան ներկայացուց 2016-2017 տարուան ուսումնական տեղեկագիրը, իսկ պետական տնօրէնուհին լուսարձակի տակ առաւ Ճեմարանի ուսումնակրթական անխափան երթը:

Այնուհետեւ ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան կողմէ պարգեւատրուեցան միջնակարգի երեք կարգերու առաջնակարգ աշակերտները, ապա շրջանաւարտ հունձքը Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ միջնակարգի վկայական ստացաւ, իսկ հայերէն լեզուի առաջնակարգ ուսանողները տնօրէնութեան կողմէ գովասանագիրներով պարգեւատրուեցան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին