Շաբաթ, 31. 01. 2026

spot_img

Երեւան Տեղափոխուած Է Եւս Մէկ Վիրաւոր Զինուոր․ Ան Անգիտակից Վիճակի Մէջ է

Երէկ պաշտպանութեան նախարարութեան զինուորական հիւանդանոց տեղափոխուած է վիրաւոր զինուոր Եուրի Արմէնի Զաքարեանը:

ՊՆ զինուորական հիւանդանոցի վերակենդանացման բաժանմունքի պետ Գայիանէ Յովհաննիսեան լրագրողներուն յայտնած է, որ  ան ունի գլխու թափանցող հրազէնային վիրաւորում:

«Վիճակը կը գնահատուի ծայրայեղ ծանր: Անգիտակից վիճակի մէջ է, անոր միացուած է արհեստական շնչառութիւն: Հետազօտութիւններու արդիւնքներէն մեկնած` վիրահատական միջամտութեան կարիք չունի»,- «Panorama.am»-ի փոխանցմամբ ըսած է ան:

Գ․ Յովհաննիսեանի խօսքով, Եուրի Զաքարեան Ստեփանակերտի հիւանդանոցին մէջ արդէն վիրահատուած է:

«Ան վիրաւորուած է Յունիս 17-ին, մեր մօտ տեղափոխուած է Յունիս 19-ին»,-ըսած է ան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին