Շաբաթ, 31. 01. 2026

spot_img

Արցախի Մէջ Վիրաւորուած 2 Զինուորներուն Վիճակը Կայուն է. ՀՀ ՊՆ Բուժծառայութեան Վարչութեան Պետ

Արցախէն Երեւան տեղափոխուած զինծառայողներուն վիճակը կայուն է, անոնց կեանքին վտանգ չի սպառնար: Այս մասին «Tert.am»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Հայաստանի պաշտօանութեան նախարարութեան Բուժծառայութեան վարչութեան պետ Կամաւոր Խաչատրեան:

«Երկուքն ալ գիտակցութիւն ունին, Զիուորական հիւանդանոցին մէջ զինուորը ստացած էր բեկորային վնասուածքներ, նաեւ գլուխէն, վիրահատական միջամտութիւն դեռ չենք ըներ, որ չվնասենք: «Մալայեան» ակնաբուժական հիւանդանոցին մէջ գտնուող զինծառայողը, որ ստացած էր աչքերու այրուածքներ, գիտէք, վիրահատուած է, մանր -մունր բեկորները հեռացուցած են, պէտք է վէրքերը լաւանան, որ հասկնանք` տեսողութեան վրայ ինչպիսի ազդեցութիւն ունեցած է», – ըսած է Կամաւոր Խաչատրեան:

Ան ընդգծած է, որ «Մալայեան» կեդրոնին մէջ գտնուող զինծառայողը Արցախէն Հայաստան տեղափոխուելու ժամանակ եւս գիտակցութիւն ունեցած է:

Նշենք, որ զինծառայողները Արցախէն Երեւան տեղափոխուած էին Յունիս 17-ին:

Յիշեցնենք, որ Յունիս 16-ին` ժամը 18:05-ի մօտ, հակառակորդը հաստոցաւոր հակատանկային նռնականետերէ խախտած է հրադադարը ՊԲ կեդրոնական ենթակայութեան զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասի ուղղութեամբ, որու հետեւանքով զոհուած են զինուորներ Արայիկ Ռուդիկի Մատինեանը (ծնած 1997-ին), Վիգէն Ժիրայրի Պետրոսեանը (ծնած 1997-ին) եւ Վարդան Ծովակի Սարգսեանը (ծնած 1997-ին): Յունիս 17-ին առաւօտեան ազրպէյճանական կողմի գործողութիւններու հետեւանքով զոհուած է ՊԲ զինծառայող, 1997-ի  ծնունդ Նարեկ Տիգրանի Գասպարեանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին