Յունիս 17-ին` ժամը 17:00-19:00-ն, Արցախի տնտեսութեան նախարարութեան եւ «Եէյլ Էքսթրիմ փարք» ընկերութեան նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ պիտի կազմակերպուի օդային փառատօն:
Այս մասին ըսած է Արցախի տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան ծրագիրներու կառավարիչ Արտակ Գրիգորեան, պարզաբանելով որ Ստեփանակերտի օդակայանէն միաժամանակ օդ պիտի բարձրանան պարապլաններ, օդապարիկ եւ օդանաւ, կը հաղորդէ «Արցախփրես»-ը:
«Փառատօնի նպատակներն են նման նախաձեռնութիւններով Արցախի մէջ զարգացնել իրադարձային զբօսաշրջութիւնը եւ թեթեւ օդանաւային բնագաւառի մասին տեղեկացուածութեան բարձրացումը»,- ըսած է Գրիգորեանը եւ աւելցուցած, որ փառատօնի ամենահետաքրքրական մասը ժամը 19:00-ին օդակայանին մէջ տեղի ունենալիք «Շուշուայ պենտ» համերգն է, 20:00-ին` յայտնի Nemra ռոք խումբինը: Պիտի աշխատին նաեւ յայտնի DJ-ներ, որոնք ամբողջ օրուան ընթացքին պիտի ապահովեն լաւ երաժշտութիւն: Տոմսի արժէքը 1000 դրամ է:






