Շաբաթ, 31. 01. 2026

spot_img

Հայաստանի ՀՆԱ-ի Աճը 2017-ի Առաջին Եռամսեակին Կազմած է 6.5 Տոկոս

Հայաստանի ՀՆԱ-­ի (Համախառն ներքին արդիւնք) աճը ընթացիկ տարուան առաջին եռամսեակին կազմած է 6.5 տոկոս: Յունիս 16­-ին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Վարդան Արամեան:

 «Ես կը կարծեմ, որ սա բաւական լաւ ցուցանիշ է` հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ այս տարուան համար մենք թիրախ ընտրած ենք 3.2 տոկոս ՀՆԱ-­ի աճ եւ բազմիցս կրկնած ենք, որ 3.2 տոկոսը այն նուազագոյն շեմն է, որուն պիտի ձգտինք հասնելու»,­- «Արմենփրես»-­ի հաղորդմամբ` նշած է նախարարը:

 ՀՆԱ-­ի աճին հիմնականօրէն նպաստած են արդիւնաբերութեան, ծառայութիւններու եւ առեւտուրի ճիւղերը: «2017-ի Յունուար-Ա­պրիլին Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը կազմած է 5.7 տոկոս: Տնտեսական աշխուժութեան եւս հիմնականօրէն նպաստած են արդիւնաբերութեան, ծառայութիւններու ճիւղերը: Յառաջիկայ ամիսներուն տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշներու էական նուազում մենք չենք ակնկալեր»,-­ յայտնած է նախարարը:

Արտահանումը կը շարունակէ աճ արձանագրել ներմուծման նկատմամբ: Վարդան Արամեանի խօսքով` հինգ ամիսներու ընթացքին արձանագրուած է 16 տոկոսէն քիչ մը աւելի արտահանման ցուցանիշ, իսկ ներմուծման ցուցանիշը կազմած է 14 տոկոսէն քիչ մը աւելի: Սա կը նշանակէ, որ արտահանման ցուցանիշը կը շարունակէ աւելի արագ աճիլ, քան ներմուծման ցուցանիշը։

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին