Շաբաթ, 28. 06. 2025

spot_img

«Երբեք Չէինք Պատկերացներ, Որ Հայաստանի Մէջ Այդքան Կը Սիրուինք». Թալին

Օրական 50 հազար դիտում YouTube-ի մէջ` միայն Հայաստանէն, 130 երգ եւ հինգ տեսասկաւառակ. համացանցի մէջ ամենայայտնի հայկական մանկական երգերու կատարող Թալին իր խումբին` Taline & Friends-ի հետ արդէն 6-րդ անգամ Երեւանի մէջ համերգ ունեցաւ:

Համերգէն առաջ «NEWS.am» STYLE-ի հետ զրոյցի ընթացքին Թալինի ամուսինը ու նախագիծի արտադրող Ալեքս Պեսոսը նշած է, որ երբեք չեն մտածած որ Հայաստանի մէջ կը սիրուին այնքան, որքան Սփիւռքի մէջ. «Երբ կը պատրաստէինք տեսասկաւառակները, անշուշտ, կը մտածէինք տարածել զանոնք նաեւ Հայաստանի մէջ: Շատերը կ’ըսէին, որ ատոնք Հայաստանին պէտք չեն, յատկապէս` արեւմտահայերէն երգերը, այլ աւելի շատ Սփիւռքի մէջ ապրող փոքրիկներուն, քանի որ այնտեղ ինքնութեան պահպանման խնդիր կայ, բայց ես զարմանալի բան մը ըսեմ. «Հայաստանի մէջ ամենաշատ դիտուած տեսանիւթը արեւմտահայերէնով է»:

Ալեքսի խօսքով` Թալինի յաջողութեան գաղտնիքը միայն մանկական երգերու մէջ չէ, որոնց մէկ մասին հեղինակը, ի դէպ, ինքն է. «Ներկայացնելու ոճը կարեւոր է: Երգերու մատուցման մէջ քիչ մը ամերիկեան, արդիական ոճ կայ, որ յաջողութիւն ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ Հայաստանի մէջ, որովհետեւ երեխաները ամէն տեղ նոյնն են` կ’ուզեն խաղալ, լաւ ժամանակ անցնել, եւ իրենք այդ լաւ ժամանակը կը տեսնեն Թալինի տեսանիւթերուն մէջ: Ատոնք այնպէս պատրաստուած են, որ երեխաները սէր կը ստանան, դաստիարակութիւն, խաղ: Համերգն ալ խաղի միջոցով է, երեխաները միայն նստած չեն լսեր, այլ նաեւ կը մասնակցին»,-կ՛ըսէ ան:

Ալեքսը կը նշէ, որ հայերէն սովորեցնելու խնդիր չունին` ատիկա շատ մեծ գործ է, բայց լսած է, որ Սփիւռքի մէջ յաճախ հայերու տան մէջ հայերէնը կը հնչէ միայն Թալինի երգերուն միջոցով:

«Ինծի համար Հայաստանը երկրորդ տան պէս է»,-կ՛ըսէ հանդերձասրահին մէջ իր ելոյթին պատրաստուող Թալինը: Շուտով ան բեմ պիտի ելլէ` մանուկներուն համար բարեգործական համերգ տալու, իսկ մինչ այդ կը կիսուի ինծի հետ փոքրիկներու հետ աշխատելու հաճոյքով. «Հայ մանուկները շատ սիրուն են, շատ անկեղծ, շատ կը սիրեմ զիրենք, կը սիրեմ իրենց հետ երգել ու պարել եւ իրենց ուրախութիւնը տեսնելով` ես ալ կը գոհանամ: Եթէ կը սիրես մանուկները, կը սիրես երգը, դժուար չէ անոնց հետ աշխատիլը»:

Թալինը կրթութեամբ մանկավարժ է, երկար տարիներ աշխատած է երեխաներու հետ, եւ այդ կրթութիւնը նպաստած եւ օգնած է, որպէսզի երաժիշտ ամուսինին հետ հիմնեն «Թալինը եւ ընկերները» նախագիծը:

«Նոր ամուսնացած էինք, մէկ տարի անցած էր, Ալեքսը տունը կը նուագէր, ես ալ սկսայ երգելու, եւ ան ըսաւ` շարունակէ, ձայնդ չէի լսած: Այդպէս որոշեցինք կին-ամուսին նախագիծ ընել, քանի որ ան երաժիշտ էր, ես ալ` մանուկներու հետ աշխատած էի, որոշեցինք մանկական նախագիծ սկսիլ: Բարեբախատար, յաջողեցաւ, ժողովուրդը շատ սիրեց, արդէն` 15 տարի է»:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին