Շաբաթ, 31. 01. 2026

spot_img

Արցախի Մէջ Ցորենի եւ Գարիի Բերքահաւաքը Սկսած է. Բերքատուութիւնը Կը Գերազանցէ 2016-ի Ցուցանիշը

Արցախի դաշտային հատուածին մէջ սկսած է ցորենի եւ գարիի բերքահաւաքը:

«Արցախփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին Արցախի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան բուսաբուծութեան եւ բոյսերու պաշտպանութեան բաժնի պետ Վիլեն Աւետիսեան  ըսած  է, որ Յունիս  16-ի դրութեամբ` այս տարուան հունձքի ենթակայ 58048 հեկտար ցանքատարածութիւններէն հնձուած է  շուրջ  6189  հա-ը։

Ընդհանուր առմամբ` հաւաքուած է 12 հազար 11,7 թոն բերք:

Ըստ հացահատիկային մշակաբոյսերու` ներկայացնելով բերքահաւաքի արդիւնքները` Վ. Աւետիսեան  մասնաւորապէս ըսած է, որ հնձուած է 10   հա  ցորեն  եւ   6179   հա գարի: Միջին բերքատուութիւնը հեկտարէն կազմած է 25,1 կենդինար` նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 23,2  ց/հա-ի դիմաց:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին