Շաբաթ, 31. 01. 2026

spot_img

Միացեալ Նահանգներէն Աւելի Քան 30 Բժիշկներ Հայաստան Պիտի Ժամանեն

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն աւելի քան 30 բժիշկներ պիտի ժամանեն Հայաստան` երկրի գիւղական շրջաններու բնակչութեան բուժօգնութիւն ցուցաբերելու համար: Բժիշկներու ամէնամեայ այցը կը կազմակերպէ Հայկական բժշկական առաքելութիւնը (Armenian Medical Mission):

Մասնագէտներու խումբը պիտի գլխաւորէ Ֆրեզնոյէն վիրաբոյժ Ճոն Կարրին, որ առաջին անգամ Հայաստան եկած է 1988-ի աւերիչ երկրաշարժէն ետք, կը հաղորդէ «Նիուզ»-ը՝ վկայակոչելով «abc30.com»-ը: «1988-ին ես անդամ էի բժիշկներու առաջին խումբին, որուն թոյլ տրուեցաւ ԽՍՀՄ ժամանել»,- նշած է բժիշկը:

Սակայն Հարրին որպէս կամաւոր Հայաստան ժամանած է ո՛չ միայն մասնագիտական պարտքի գիտակցմամբ, այլ որովհետեւ ան պարտաւորութիւն կը զգար երկրի առջեւ, ուրկէ կը սերին իր նախնիները:

Անոր խօսքով, Հայաստանի մէջ շաքարախտով եւ արեան բարձր ճնշման բազմաթիւ հիւանդներ կան,  բացի ատկէ այստեղ մեծ է ծխողներուն թիւը: Կարրին ընդգծած է, որ յատկապէս գիւղական բնակավայրերու մէջ բժիշկներու եւ սարքաւորումներու պակաս կայ, այդ պատճառով իրենք իրենց կարելին  պիտի ընեն մարդոց օգնելու համար: Ան նաեւ յոյս ունի նաեւ ընդունիլ Սուրիահայեր։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին