Շաբաթ, 31. 01. 2026

spot_img

Գործարկուած է Երեւան-«Զուարթնոց» Օդակայան Առաջին Երթուղային Հանրակառքը

Երէկ` առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն դէպի «Զուարթնոց» օդակայան ուղեւորուած է առաջին երթուղային հանրակառքը:

Երթուղին փորձարկման շրջանի մէջ է. պիտի աշխատի շուրջօրեայ` 24 ժամ, իւրաքանչիւր ժամը մէկ:

Ուղեւորափոխադրումները պիտի իրականացուին Հանրապետութեան հրապարակի շատրուաններուն յարակից` գծանշումներով առանձնացուած տարածքէն, մեծ եւ փոքր հանրակառքերով, որոնք կահաւորուած են օդորակիչներով եւ օդափոխիչներով:

Փոխադրավարձը մէկ ուղեւորի համար 300 դրամ է:

«Զուարթնոց» մեկնող հանրակառքի առաջին ուղեւորները լրագրողներն ու Հայաստանի փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհետսագիտութիւններու նախարարութեան ներկայացուցիչներն էին:

«Մեր քաղաքացիները շատոնց արժանի են բարձրակարգ, յարմարաւէտ հանրակառքերով ուղեւորուելու օդակայան եւ այնտեղէն վերադառնալու: Մասնաւոր-պետութիւն համագործակցութեան արդիւնքով որոշեցինք փորձարկել այս նոր երթուղին` հասկնալու ատոր, որքան պահանջք կայ»,- Մեդիամաքսի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է նախարարի տեղակալ Արամ Արսէնեան:

Ան տեղեկացուցած է, որ երթուղիի ժամանակաւոր սպասարկող նշանակուած է «Էլիթ պաս» ընկերութիւնը:

«Տակաւին յստակ չէ` երթուղին շահաւէտ պիտի ըլլայ թէ ոչ, եւ արդեօք մեր ճշդած 300 դրամ փոխադրավարձը կ’արդարացնէ ինքզինք: Այս վտանգը հաշուի առնելով` մասնաւոր ընկերութիւններէ համագործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնած է «Էլիթ պաս» ընկերութիւնը, որ ճանչցուած է երթուղիի ժամանակաւոր սպասարկող: Մէկ-երկու ամսուան ընթացքին, երբ պարզ դառնայ երթուղիի պահանջքը, պիտի որոշուի զայն դարձնել մշտական գիծ, պիտի յայտարարուի մրցոյթ եւ յաղթողին պիտի տրուի երթուղին սպասարկելու իրաւունքը»,- ըսած է փոխնախարարը` ընդգծելով, որ երթուղին պիտի գործէ առանց պետական օգնութեան:

Անդրադառնալով ուղեբեռի տեղափոխման հարցին` Արամ Արսէնեան նշած է, որ օդակայանի կարեւորագոյն պահանջներէն եղած է այն, որ բեռնախցիկը առանձնացուած ըլլայ ուղեւորասրահէն եւ ուղեւորը բեռով չբարձրանայ հանրակառք: Փոխնախարարին խօսքով` գործարկուած երթուղիի հանրակառքերը լիովին կը համապատասխանեն այս պահանջին եւ ունին համապատասխան կահաւորանքը:

Երեւան-«Զուարթնոցէ օդակայան երթուղին գործարկուած է ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի յանձնարարականի համաձայն` փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիրութիւններու նախարարութեան կողմէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին